Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիլիփ Ռիքըր` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նոր Համանախագահ

August 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ:

«Դեսպան Ռիքըրի նշանակումը կը վերահաստատէ մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման նկատմամբ», «Թուիթըր»-ի վրայ այս նշանակման մասին գրած է Պլինքըն:

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են` օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման շուրջ: Դեսպան Ռիքըր նաեւ պիտի համագործակցի համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պիտի օգնէ դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը: Դեսպան Ռիքըրի` այս ժամանակահատուածին մէջ նշանակումը կը վերահաստատէ նաեւ Վրաստանի վերաբերեալ ժընեւեան քննարկումներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու դերին կարեւորութիւնը», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ռիքըր Եւրոպայի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ դիւանագիտական աշխատանքի մեծ փորձառութիւն ունի, մինչեւ վերջերս եղած է Բրիտանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու հաւատարմատարը, 2019 թուականի մարտէն մինչեւ 2021-ի օգոստոս` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով օգնականի պաշտօնակատար, տարբեր տարիներու վարած է Միլանոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր հիւպատոսի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի եւ այլ պաշտօններ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Պլինքընի կողմէ Ռիքըրի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակման` նշելով, որ Պաքու կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛արտացոլայ «մօտեցում մը, որ շատ հեռու է շրջանին մէջ տիրող յետհակամարտային իրողութիւններէն, ինչ որ զարմանալի է»:

«Մինսքի խմբակին վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը բազմիցս արտայայտուած եւ յստակ ներկայացուած է բարձրագոյն մակարդակով: Գործնականօրէն չգործող Մինսքի խմբակի «վերակենդանացման» փորձերը կրնան յանգեցնել անոր, որ Միացեալ Նահանգները հեռանան ազրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթէն:

«Ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է, եւ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի անբաժանելի մասն է: Միջազգային ընտանիքը, ներառեալ մեր գործընկերները, պէտք է հասկնան, որ ազրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները ղարաբաղեան հիմնախնդիրին հետ կապելը ոչ մէկ ձեւով կը ծառայէ կարգաւորման», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

 

Նախորդը

Կլենտէյլը Եւ Մարտունին Քոյր Քաղաքներ Հռչակուեցան

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Սահմանուած Կարգով Պատասխանած Է Ռուսիոյ Դեսպանատան Բողոքագիրին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.