Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդը 23 օգոստոսին միաձայնութեամբ որդեգրած է Կլենտէյլ քաղաքին եւ Արցախի Մարտունի քաղաքին միջեւ իբրեւ քոյր քաղաք յարաբերութիւններ հաստատելու որոշում մը:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած եւ այս պատմական պահուան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի միաձայն քուէարկութեան համար:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանի եւ քաղաքային խորհուրդին անդամ Արա Նաճարեանի գլխաւորութեամբ քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ կը հաստատէ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն երկու քաղաքներու միջեւ` բանալով մշակութային, կրթական, մասնագիտական եւ մարդասիրական համագործակցութեան կարելիութիւններ:
«Այս համաձայնագիրով մեր երկու քաղաքներուն միջեւ տեղի ունեցող փոխանակումներէն մենք շատ բան կրցանք շահիլ: Բացի ատկէ, այս յարաբերութիւնները յստակ պատգամ կ՛ուղարկեն, որ մենք կանգնած ենք Արցախի ժողովուրդին եւ անոր արդար իրաւունքներուն կողքին` խաղաղ ապրելու իր պապենական հողին վրայ` զերծ Ազրպէյճանի յարձակումէն», նշած է քաղաքապետ Քասախեան` Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած յայտարարութեան մէջ:
«Մարտունեցիները պիտի ոգեւորուին մեր ցուցաբերած աջակցութենէն, նաեւ զբօսաշրջութեան եւ ելեւմտական աջակցութեան ասպարէզներուն մէջ», խորհուրդի նիստին մեկնաբանեց բանաձեւը երկրորդած խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեանը` անդրադառնալով Ամարասի վանք կատարած իր այցելութեան եւ շրջանի կենսունակ համայնքին հետ իր ունեցած փորձառութեան:
«Այն ամէնը, ինչ որ հիմա կը կատարուի Արցախի մէջ, երբ Արցախի մէջ ժողովուրդը բառացիօրէն կը պայքարի իր գոյութեան եւ իր պապենական հողին վրայ ազատ ապրելու համար, ասիկա ամէնէն քիչն է, որ մենք կրնանք ընել: Յոյսով եմ, որ այսօր մեր կառուցած քոյր քաղաքային յարաբերութիւնները մեզի կ՛արտօնեն դասեր քաղել նաեւ անոնց տոկունութենէն», նիստի ընթացքին նշած է քաղաքային խորհուրդի անդամ Էլեն Ասատրեան:
Մարտունին կը գտնուի Ազրպէյճանի հետ շփման գիծին մօտ, եւ պատերազմի ժամանակ եղած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ամէնէն դաժանօրէն թիրախաւորուող քաղաքային բնակավայրերէն մէկը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուած է աւելի քան 1000 շէնք, ներառեալ դպրոցներ, տուներ եւ բժշկական հաստատութիւններ, ինչ որ ողբերգականօրէն յանգեցուցած է պատերազմի առաջին օրը երեխաներու եւ տարեց քաղաքացիներու մահուան: Պատերազմի ամէնէն թէժ ժամանակաշրջանին քաղաքէն տեղահանուած են աւելի քան 8000 խաղաղ բնակիչներ:


