Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Հակառակ Բոլոր Տարաձայնութիւններուն, Նախագահ Աուն Յանձնառու Կը Մնայ Սահմանադրութեան» Շեշտեց Խալիլ Քարամ

August 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն պարգեւելու թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Քարամ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ան շեշտած է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը` հաստատելով, որ կարելի չէ այդ հոլովոյթը աւելի եւս յապաղեցնել եւ արգելակել:

«Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը` հիմնուելով սահմանադրութեան, ազգային համագործակցութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութեան վրայ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ազգային գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն, որ սահմանադրական հաստատութիւնները կարգ ու կանոնով գործեն: Ան ըսաւ. «Կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան պարագային ազգային համագործակցութիւնը պէտք է պահպանուի` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնները լիովին կատարելու կարողութիւն պիտի չունենայ,  եթէ որեւէ պատճառով նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին չկատարուի»:

«Նախագահ Աուն աւելցուց, որ անբնական է, որ գործադիր իշխանութեան մակարդակին վրայ ստեղծուած դատարկութիւնը` կառավարութեան լիազօրուած չըլլալուն եւ խորհրդարանին վստահութիւնը ստացած չըլլալուն պատճառով, կարենայ լեցնել նախագահական մակարդակին վրայ ստեղծուելիք դատարկութիւնը», շեշտեց Քարամ:

Երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահական պալատի ամպիոնէն երէկ կատարուած յայտարարութիւնները կը փաստեն այն իսկական պատճառները, որոնք կ՛արգելակեն նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն հանրապետութեան նախագահին մօտիկ շրջանակին կողմէ նիւթուող ծրագիրները:

«Վարչապետին զարմանք կը պատճառէ այն իրողութիւնը, թէ նախագահական պալատը, որ համայնքային նկատառումներէ բարձր պէտք է մնայ, կ՛օգտագործուի իբրեւ հարթակ` կացութիւնը գրգռող կեցուածքներ յայտարարելու, լիբանանցիները համախմբող բառամթերքի փոխարէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ այդ յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի խոչընդոտեն նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր ճիգերը` աւելցնելով, որ ինք կը սպասէ նախագահ Աունի հետ շարունակելու 29 յունիս 2022-ին իր ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումին շուրջ խորհրդակցութիւնները:

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Յատուկ Նիստի Մը

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ 31 Օգոստոսին` Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.