Անկախ իսրայէլեան բանակին կողմէ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներէն, ռազմափորձերէն, հեռուէն լսուող պայթումներէն եւ սահմանային գիծի երկայնքին իսրայէլեան ուժերու կուտակումներէն, իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ խախտել Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կատարեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` հասնելով մինչեւ Ժեզզին, Շուֆ եւ ամբողջ Լեռնալիբանանի վերեւ:
Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լաւատեղեակ աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ Լիբանան պատասխանի մը կը սպասէ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնէն, եւ ոչ այնպայման անոր այցելութիւնը:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Լիբանան երկար ժամանակ չունի, եւ անիկա անվերջ չէ` Իսրայէլի համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի մէջ բազմակարծութիւն կայ` ծովային սահմանագծումին առումով, մինչդեռ Լիբանանի մէջ պետական եւ պաշտօնական մէկ ու միացեալ կեցուածք:
Վերոնշեալ աղբիւրները ընդգծեցին, որ իսրայէլացիները անել կացութեան մատնուած են` պարզապէս այն միտքին համար, որ Լիբանան կրնայ իր իրաւունքները վերահաստատել: «Հըզպալլայի սպառնալիքներէն ետք Իսրայէլ չունի Լիբանանի իրաւունքները գողնալու կարողութիւնը, ընդհակառակն` այսօր իսրայէլացին կը գտնուի իր պարտադրած նախապայմանները կորսնցնելու սեմին, ինչ որ շահաբեր պիտի ըլլայ Լիբանանին համար», հաղորդեցին նոյն աղբիւրները:
«Մանար»-ի աղբիւրները նկատել տուին նաեւ, որ Հոքշթայնի եւ իսրայէլացիներուն միջեւ հաղորդակցութեան ցանցերը ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործեն` յանգելու համար վերջնական համաձայնութեան մը, որ պէտք չէ ժխտական ըլլայ` նկատի ունենալով այդ մերժումին ունենալիք հետեւանքները:


