Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նետ Փրայս Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Լրջօրէն Վարուելու` Վերստանալու Համար Ժողովուրդին Վստահութիւնը

July 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն լրջօրէն վարուելու եւ շտապ կերպով բարեկարգումները գործադրելու` վերստանալու համար ժողովուրդին վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` փրկելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնը:

Փրայս նկատել տուաւ, որ այդ միջոցառումներէն կրնայ ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը:

Փրայս հաստատեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են լիբանանցի իրենց բարեկամներուն հետ` աւելցնելով, որ կոչ ուղղած են կառավարութեան կազմութիւնը ստանձնող պատասխանատուներուն կազմելու կարողութիւններով օժտուած դահլիճ մը, որ յանձնառու մնայ բարեկարգումները գործադրելու եւ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերադարձնելու:

Փրայս ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը հետապնդել` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ողջունեն շինիչ երկխօսութիւնը եւ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը: «Մենք եւ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` յաջողցնելու այս գործողութիւնը», եզրափակեց Փրայս:

Լափիտ Եւ Շիա Լաւատես` Ծովային Սահմանագծումի Հարցով

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները համակարգող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին յայտնեց Լիբանանի հետ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին համաձայնութիւն մը գոյացնելու իր պահանջը: Լափիտ ընդգծեց, որ ինք լաւատես է մօտիկ ապագային այդ համաձայնութիւնը իրականացնելու առումով:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա երկու օր առաջ լիբանանցի պատասխանատուներուն յայտնեց, որ սահմանագծումի հարցով զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այդ զարգացումը մօտիկ ապագային գործնական իր թարգմանութիւնը պիտի ունենայ:

Շիա ընդգծեց, որ բանակցութիւններուն ընդմէջէն համաձայնութեան մը յանգելու յոյսը տակաւին ի զօրու է:

«Լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ արձանագրուած կեցուածքները դրական ազդակներ են` սահմանագծումի ջանքերը շարունակելու իմաստով», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ – Կապրիէլ Հանդիպում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպութեան նախագահ Էտուարտ Կապրիէլի:

Հանդիպումէն ետք Կապրիէլ յայտնեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Կապրիէլ յայտնեց, որ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը Լիբանան այցելեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան պետերուն, լիբանանցի պատասխանատուներուն, որոշում տուողներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` քննարկելու համար բանակին իրավիճակն ու կարիքները:

Կապրիէլ շեշտեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատած է, որ անիկա գերիշխանական որոշում է, որ Լիբանանին կը պատկանի: Կապրիէլ աւելցուց, որ սահմանագծումը լաւ առիթ մըն է Լիբանանի համար, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ դարաւոր հարց մը լուծել:

Ան շեշտեց, որ նաւթ եւ կազ հորատող ընկերութիւնները պիտի չգան եւ ծովային վիճելի շրջանին մէջ պիտի չգործեն: «Հետեւաբար կը մաղթեմ, որ սահմանագծում կատարուի եւ Լիբանան կարենայ օգտուիլ իր բնական հարստութենէն, բայց եւ այնպէս կը հաստատեմ, որ սահմանագծումը գերիշխանական որոշում է», յայտնեց Կապրիէլ:

Նախորդը

Եուսեֆ Խալիլ Ընդգծեց 2022-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Լիբանանին` Թօթափելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տնտեսական Ծանր Տագնապը» Շեշտեց Փիեռ Տիւքան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.