Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 24 տարեկան յառաջապահ Լուքա Եոքիչ հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտէն:
Ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆիորենթինայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանին ան Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին` Ռէալ Մատրիտի հետ կատարեց 19 մրցում եւ նշանակեց կոլ մը:
Սակայն տարեշրջանի երկրորդ կիսուն, ան փոխ տրուեցաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարեց 18 մրցում եւ նշանակեց 4 կոլ:
Նշենք, որ 2019-ին, ան փոխան 60 միլիոն եւրոյի միացաւ արքայական ակումբին, անոր հետ ստորագրելով` 6 տարուան պայմանագրութիւն մը:


