Ֆրանսացի 29 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպա նախանցեալ օր իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ վերադարձաւ Եուվենթուս, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին չորս տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2026:
Ան դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 10 մարզաշապիկով, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենար խումբէն հեռացած Փաուլօ Տիպալա:
Նշենք, որ Փոկպա 2012-2016 ժամանակամիջոցին ան ելոյթ ունեցաւ Եուվենթուսի հետ, որուն միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն` փոխան 105 միլիոն եւրոյի:


