Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ շնորհաւորած Ատհայի տօնին առիթով եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ այս տարուան իսլամական ուխտագնացութեան յաջող կազմակերպման համար: Այս մասին հաղորդեց սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահական պալատի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Էրտողան եւ Սալման թագաւորը Ատհայի տօնին առիթով զիրար շնորհաւորեցին եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր քննարկեցին»:
Յիշեցնենք, որ ՈՒԱՍ երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ Էրտողան հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին եւ Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորած զայն:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու անոնց ամրապնդման կարելիութիւնները:


