Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել գերիշխանութեան կոպիտ խախտում որակած է ուքրանացիներուն համար Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու դիւրացուած ընթացակարգին վերաբերեալ Ռուսիոյ նոր օրէնքը` յայտարարելով, որ Եւրոպական Միութիւնը նման անձնագիրները չի ճանչնար:
«Ռուսական նոր օրէնքը, որ բոլոր ուքրանացիներուն համար դիւրացուցած է Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու հոլովոյթը, ուքրանական գերիշխանութեան յաւելեալ կոպիտ խախտում մըն է` անօրինական պատերազմի առնչուած: Եւրոպական Միութիւնը այդ անձնագիրները երբեք պիտի չճանչնայ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Պորել:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ այն նոյն դիրքորոշումին, որ որդեգրած էր նաեւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններուն մէջ ռուսական անձնագիրներու դէպքին պարագային:


