Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Այսօր Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Սալման Թագաւորին Եւ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին Հետ

July 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:

Ան ըսաւ, որ Պայտըն շրջանի շարք մը ղեկավարներու հետ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ, նախքան անոնց հետ սպասուող վեհաժողովին մասնակցիլը:

Սալվիըն յայտնեց, որ Սպիտակ տան ղեկավարը «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ+3» վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ «Միջին Արեւելքի նկատմամբ իր մօտեցումին վերաբերեալ ընդլայնուած եւ ուժեղ յայտարարութիւններ ու ռազմավարութիւն պիտի ներկայացնէ»:

«Պայտըն պիտի քննարկէ անվտանգութեան ու տնտեսութեան հարցերը, եւ Ամերիկայի շրջանին մէջ պատմական դերակատարութիւնն ու Միջին Արեւելքի ամերիկեան ուժեղ ղեկավարութեամբ յառաջ ընթանալու նկատմամբ իր յանձնառութիւնը»:

Ասիկա առաջին անձնական հանդիպումը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին միջեւ, որուն Պայտըն բազմիցս քննադատեց մարդկային իրաւանց հարցերու, Եմէնի մէջ պատերազմին ու սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցերուն պատճառով:

Պայտըն չորեքշաբթի օր իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ իր երկիրը մտադիր է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը պահել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ, նոյնիսկ եթէ ատիկա խաթարէ գործարքը:

«Իսրայէլ Իրանի հետ վերանորոգ հիւլէական համաձայնութեամբ աւելի ապահով պիտի ըլլայ: Ներկայիս գոյութիւն ունեցող Իրանէն աւելի վատ միակ բանը հիւլէական զէնքով զինուած Իրանի գոյութիւնն է, եթէ կարենանք համաձայնութեան վերադառնալ, կրնանք զայն զսպել: Կը կարծեմ, որ նախկին նախագահին համաձայնութենէն դուրս գալը մեծ սխալ էր: Անոնք (իրանցիները) այսօր հիւլէական զէնք ձեռք ձգելուն աւելի մօտ են, քան նախապէս»:

«Կլոպըլ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Պայտընի Միջին Արեւելքը «լուսանկարչութեան նիստէ մը աւելին պիտի չըլլայ»:

Պայտըն. «Կը Ձգտինք Իսրայէլը Համարկելու Շրջանին Մէջ, Եւ Երկու Պետութիւններ Լուծումը Անոր Անվտանգութեան Ապահովման Լաւագոյն Ուղին Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Երուսաղէմի մէջ անոր հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Իսրայէլը շրջանին մէջ համարկելու կարելիութիւնը:

Պայտըն հանդիպումի աւարտին յայտարարեց, որ Լափիտի հետ խօսած է Իսրայէլը շրջանին մէջ համարկելու եւ անոր անվտանգութեան իր յանձնառութեան մասին:

«Զիս Սէուտական Արաբիա այցելելու մղող պատճառը Միացեալ Նահանգներու շահերու պաշտպանութիւնն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը շատ ուժեղ է, եւ պիտի երաշխաւորենք Իսրայէլի` ինքզինք պաշտպանելու կարողութիւնը»:

«Իրանին պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնք ձեռք ձգել, որովհետեւ ատիկա Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ մնացեալ աշխարհի կենսական շահ մըն է», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Սէուտական Արաբիա այցելութեանս ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մեր ազդեցութիւնը վերահաստատելու առիթ մը ունինք»:

Լափիտ իր կարգին յայտնեց. «Խօսեցանք Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դիմակայման համար շրջանին մէջ չափաւորական պետութիւններէն կազմուած դաշինքի կազմութեան կարեւորութեան մասին: Ան յայտնեց, որ ինք դէմ է Ուաշինկթընի հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալուն, եւ անհրաժեշտ է Իրանի վրայ ճնշումը աւելցնել, որպէսզի «զայն փոխարինող համաձայնութիւն» մը քննարկելու համար վերադառնայ բանակցութեան սեղան:

Իսրայէլի վարչապետը խօսքը Պայտընին ուղղելով ըսաւ. «Սէուտական Արաբիա ձեր այցելութիւնը Իսրայէլի եւ ամբողջ շրջանին, Միջին Արեւելքի անվտանգութեան ու բարգաւաճման համար կարեւոր է»:

«Հիւլէական (զէնքի տէր) Իրան մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոր գոյութիւն ունենալը ո՛չ միայն Իսրայէլի սպառնալիք է, այլ նաեւ աշխարհին», յայտնեց ան:

Իսրայէլ–Միացեալ Նահանգներ Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Պայտըն-Լափիտ հանդիպումէն ետք հրապարակուած Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլի եւ իր գործընկերներուն յարաբերութիւնները խորացնելու համար շրջանային մարմինի մը կառուցման յանձնառու է` նշելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ իսրայէլեան զինուորական տեսակարար առաւելութեան պահպանման:

«Ուաշինկթըն յանձնառու է Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգել չարտօնելուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը եւ կը դատապարտէ «վերջին ամիսներուն ընթացքին իսրայէլացիներ թիրախ դարձուցած ցաւալի ահաբեկչական յարձակումները»:

«Ուաշինկթըն յանձնառու է իրանեան ուղղակի կամ Համասի, Հըզպալլայի եւ Ժիհատի նման գործակատարներու ճամբով գործունէութիւններուն վերջ տալու», կը նշուի Իսրայէլ-Ուաշինկթըն միացեալ հաղորդակցութեան մէջ:

 

Նախորդը

Փենթակոն. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Որեւէ Զինուորական Գործողութեան Բուռն Կերպով Կ՛ընդդիմանանք»

Յաջորդը

Ֆիլիփօ Ինցակի Նշանակուեցաւ Ռեճինայի Մարզիչ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.