Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն` Ռեճինա ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 48 տարեկան Ֆիլիփօ Ինցակի նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ինցակիի նախկին ակումբը Պրեշիան էր, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ մարտին:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իտալացի մասնագէտը գլխաւորած է նաեւ Պենեւենթոն, Պոլոնիան, Վենեցիան եւ Ա. Սէ Միլանը:
Նշենք, որ Ռեճինա Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին գրաւած էր 14-րդ դիրքը:


