Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին պատրաստուելու նպատակով, Ուրարտու-Երեւան ֆութպոլի ակումբը մարզական հաւաքի մը սկսաւ Սերպիոյ Զլաթիպոր քաղաքին մէջ:
Այս ուսումնամարզական հաւաքը, որ սկսաւ նախորդ 2 յուլիսին, իր աւարտին կը հասնի 16 յուլիսին, նշուեցաւ երեւանեան ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուեցաւ, որ հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական հինգ մրցումներ:


