Այսօր` երեքշաբթի, 5 յուլիսին, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ ռումանական Քլուֆ խումբը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Պասթիան Կանքերտ:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Զուիցերիայէն, չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Գերմանիայէն, մինչ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին պատուիրակը` Վրաստանէն:


