Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն, որ երէկ յետմիջօրէին հասաւ Լիբանան, այսօր հանդիպումներ կ՛ունենայ երկրին իշխանութեան պետերուն հետ:
Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր:
Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ բանակը քաղաքական հարցերուն բացարձակապէս չի միջամտեր, «ընդհակառակն` պէտք է հասկնալ քաղաքական իրավիճակը եւ վերլուծել զայն, ինչպէս է պարագան ծովային սահմանագծումին, որուն մասին բազում վերլուծումներ կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը կը զօրակցի քաղաքական իշխանութեան, ինչ ալ ըլլայ վերջինիս տալիք որոշումը:
Միւս կողմէ, բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որոնց հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարը` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան թիւ 29 սահմանագիծի պահպանումին, պայմանով որ թիւ 6433 հրամանագիրը բարեփոխուի:
Հանդիպումներուն ընթացքին հարց դրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ երկրին գործադիր իշխանութիւնը ցարդ բարեփոխումի չէ ենթարկած թիւ 6433 հրամանագիրը` ամրապնդելու համար թիւ 29 սահմանագիծը` իբրեւ օրինական սահմանագիծ:
Բարեկարգչական երեսփոխանները շեշտեցին, որ իրենց համար անընդունելի է զիջիլ Լիբանանի իրաւունքներէն եւ բնական հարստութենէն:
«Այս իմաստով որդեգրուելիք որեւէ քայլի մասին մեր կեցուածքը պիտի արտայայտենք խորհրդարանին մէջ», ընդգծեցին բարեկարգչականները:


