Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յուշումներ` Թէկուզ Վերաշարադրուած Տեսքով

June 13, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ` կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:

«Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Փառուխի մասին խօսելով` Լաւրով նախ խնդիրը ուղղակի առնչած է սահմանազատման հոլովոյթին հետ եւ հաստատած, որ այդ առիթով պիտի կարգաւորուին նման հարցերը. այսինքն` արցախապատկան այն տարածքները, որոնք կը վերահսկուին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Այս հաստատումէն այլ մեկնաբանութիւն ակնկալելը դժուար է: Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ կ՛ընկալուի Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Իսկ Փառուխի նման հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին եւ պիտի լուծուին, այս պարագային կ՛ենթադրէ առնուազն ԼՂԻՄ-եան տարածքներու, շեշտակիօրէն` Հատրութի եւ Շուշիի կարգավիճակներուն ճակատագիրը:

Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ յստակօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանին: Ասիկա կը հիմնաւորուի ո՛չ միայն Փառուխի արցախապատկանելիութեամբ, այլ նաեւ ռուս խաղաղապահ զօրքերուն յղում կատարելու հանգամանքով: Լաւրով կը նշէ, որ Փառուխի կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Իսկ ռուս խաղաղապահութիւնը կը հսկէ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծերուն վրայ:

Պաքուն փաստօրէն սխալ չէր ըմբռնած Լաւրովի գծած սահմանազատման աշխարհագրութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Լաւրովի յայտարարութեան եւ յայտնած. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնախումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նախապէս նախատեսուած էր, կը հետապնդէ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանազատման նպատակ: Այս հոլովոյթի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր քննարկել ազրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն առնչուած»:

Պարզ էր Մոսկուային ուղղուած ազրպէյճանական ուղերձը: Պաքուն կը ճշդէր, սահմանազատումը բացառապէս կը վերաբերի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին: Արցախի Հանրապետութիւնը Պաքուի այս յայտարարութեան մէջ կը նշուի իբրեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանէն դուրս

«Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներ…»: Ուրեմն Պաքուի կողմէ յստակացում սահմանազատման գօտիի աշխարհագրութիւն եւ ուղղակի սլաք Մոսկուային` յիշեցնելու անոր խաղաղապահ առաքելութեան ժամանակաւոր բնոյթը:

Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած գրաւոր բաժինը  վերաշարադրուած է… «Յոյս ունինք, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի գործարկումը պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ պիտի չարտօնէ Փառուխի տիպի միջադէպեր»:

Էական տարբերութիւն կայ Լաւրովի բերանացի յայտարարութեան եւ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած սղագրութեան միջեւ: Յետադարձը պարզ է: Սահմանազատման գօտին վերադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահման, եւ շեշտուած այդ գործընթացի բարենպաստ ազդեցութիւնը` Փառուխի եւ նմանատիպ միջադէպեր կանխարգիլելու համար:

Մոսկուան ուղերձ փոխանցած է: Պաքուն հակադարձած է: Մոսկուան վերանայած` իր ուղերձը: Բացական` Երեւանն է:

Կան անշուշտ առնչակից գլխաւոր ուժեր, որոնք զուգահեռ կ՛ողջունեն, կը յայտարարեն իրենց խորհրդատուական, գործնական աջակցութիւնները սահմանազատման, սահմանագծման, սահմաններու բացման եւ խաղաղութեան հաստատման ծրագիրներուն` Միացեալ Նահանգներէն Եւրոպա, մինչեւ Թուրքիա:

Թէկուզ վերաշարադրուած, այդուհանդերձ սկզբնական յայտարարութիւնը յուշում է տարանջատելու Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման գործընթացը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացէն: Իսկ այստեղ պարզ է տրամաբանութիւնը: Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումը սկիզբ է  խաղաղութեան պայմանագիրին: Առանց հակամարտութեան լուծման կարելի չէ անցնիլ ընդհանուր մեծ օրակարգին: Իսկ կարգաւորումը  նախ սահմանազատումն է Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Առանց հակամարտութեան կարգաւորման կարելի չէ անցնիլ խաղաղութեան ծրագիրի ենթակէտին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման: Թէկուզ վերաշարադրուած, այնուամենայնիւ ռուս դիւանագէտին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուածը այդ մասին կը յուշէ:

«Ա.»

Նախորդը

Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Իսրայէլին Կ՛օգնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրանեան Վրէժխնդրական Յարձակումը Կանխարգիլելու Համար

Յաջորդը

Իսրայէլի Վարչապետը Յայտարարած Է, Որ Իրան «Վտանգաւոր Աստիճանի Մօտ Է» Հիւլէական Զէնք Ստեղծելուն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.