Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Ուղիներու Ապաշրջափակման Մասին` «Ներդրուող Դրութիւնը Պիտի Հիմնուի Բացառապէս Հայաստանի Տարածքի Գերիշխանութեան Վրայ. Այստեղ Երկիմաստութիւններ Չեն Կրնար Ըլլալ». Կ՛ըսէ Լաւրով

June 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նշեց, որ կասկած չկայ, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ վերջնական համաձայնութիւններ ձեռք պիտի բերուին:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին համաձայն, տուեալ հոլովոյթը կը շարժի. թերեւս ցանկալի էր, որ կշռոյթը աւելի արագ ըլլար, սակայն հոլովոյթը յառաջ կ՛երթայ, ձեռք կը բերուին էական, առայժմ միջանկեալ, սակայն դրական արդիւնքներ:

«Ի հարկէ, կողմերը ունին իրենց սեփական տեսլականները, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխատիլ տուեալ փուլին մէջ», ըսած է Լաւրով` ընդգծելով, որ բոլոր կողմերը այնուամենայնիւ շատ յստակ կը գիտակցին, որ երեք եռակողմ յայտարարութիւնները կը հանդիսանան ճամբու քարտէսներ, որոնցմով բոլորը պէտք է առաջնորդուին:

Խօսելով սահմանազատման մասին` Լաւրով ըսած է, որ Մոսկուան պատրաստ է ո՛չ միայն խորհրդատուական, այլ նաեւ քարտէսագրական աջակցութիւն ցուցաբերելու այս հոլովոյթին:

«Վստահ եմ, որ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումէն բացի այլ ուղի գոյութիւն չունի… Այն ինչ որ մենք կը կոչենք «խաղաղութեան պայմանագիր», կը հիմնուի Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն վրայ, որոնց եւ ի պատասխան Հայաստանը ներկայացուցած է իր տեսլականը: Հաշուի առնելով այս երկու փաստաթուղթերը` կ՛ընթանայ հոլովոյթ, որուն մենք պատրաստ ենք մասնակցելու միջնորդ, խորհրդատու եւ աջակցող երկրի դերով», ըսաւ Լաւրով:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասին` ան ընդգծեց, որ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է շրջանին մէջ կայունութեան, անվտանգութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն:

«Մենք համակարծիք ենք, որ անհրաժեշտ է անշեղօրէն կատարել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 յունուար եւ 21 նոյեմբեր 2021-ին», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն` նշելով, որ իրենք երախտապարտ են այս զօրակազմի կայունացնող դերը ընդունելու համար:

Բացի այդ, ան գոհունակութիւն յայտնեց 3 յունիսին Մոսկուայի մէջ 3 երկիրներու փոխվարչապետներուն մակարդակով շրջանին մէջ բոլոր փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Լաւրովի համաձայն, նաեւ քննարկուած է Ռուսիոյ աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման նիւթը: Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման, մարդասիրական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ ողջունած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի մեկնարկը:

Անդրադառնալով Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, Լաւրով ըսաւ, որ ատիկա ռուս զինուորներուն համար առաջնահերթութիւն է: Անոր համաձայն,  այնտեղ արդէն կան կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն որոշակի արդիւնքներ:

«Եւ մենք ունինք գիտակցումը, թէ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի ծիրին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին` ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ.«Ինչպէս գիտէք, երկաթուղիին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, հիմա կ՛աւարտի ինքնաշարժներու ճամբու շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, ինչպէս նաեւ կ՛աւարտի համաձայնութիւնը այն դրութեան շուրջ, որ պիտի ներդրուի: Ատիկա պիտի հիմնուի բացառապէս Հայաստանի տարածքի գերիշխանութեան վրայ: Այստեղ երկիմաստութիւններ չեն կրնար ըլլալ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր յանձնառութիւնը կը յայտնէ բոլոր համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Փաշինեանի հետ հաղորդակցութեան, յատկապէս` այս տարուան ապրիլին Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպման ժամանակ: «Մենք հաւատարիմ ենք այն բոլոր որոշումներուն, որոնք ուղղուած են մեր ռազմավարական համագործակցութեան եւ դաշնակցութեան խորացման», ըսաւ Լաւրով:

Ան ընդգծեց, որ այժմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը պահանջեն շրջանային հարցերը, եւ որ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու կատարումը առաջնահերթութիւն է: «Մենք նպատակաուղղուած ենք անոր, որ անոնց մէջ ամրագրուած բոլոր կէտերը` ուղղուած շրջանին մէջ կացութեան ամբողջական բնականոնացման, բոլորը, ներառեալ մարդասիրական խնդիրներու լուծման առումով, իրագործուին», ըսաւ Լաւրով:

Ան աւելցուց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական բոլոր ուղիներու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբը` փոխվարչապետներու մակարդակով, կը գտնուի վերջնական համաձայնութիւններու գոյացման յառաջընթաց արձանագրած փուլի մէջ: «Նոյնը կը վերաբերի սահմնազատման: Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յանձնախումբերու հիմնադիր նիստը, մենք ատիկա շատ կարեւոր կը նկատենք: Արդէն պիտի նախապատրաստուինք Մոսկուայի հանդիպումին` արդէն մասնակցութեամբ ռուս ներկայացուցիչներու, որոնք, ըստ ղեկավարներու համաձայնութեան, պիտի ցուցաբերեն խորհրդատուական աջակցութիւն, ներառեալ քարտէսագրական նիւթեր: Մենք, ընդհանուր առմամբ, հետաքրքրուած ենք, որ մեր դրացիներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները ամբողջովին կարգաւորուին: Մենք, ի հարկէ, գիտենք այս առնչութեամբ Ազրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներու, ձեր դիրքորոշման մասին, որ դրուած է թուղթի վրայ: Այն ամէնը, ինչ որ Ռուսիան կրնայ ընել փոխադարձ համաձայնութիւն գտնելու համար, պատրաստ պիտի ըլլանք ընելու», եզրափակեց Լաւրով:

Պաքու Կ՛արձագանգէ Լաւրովի`
Փառուխի Վերաբերեալ Յայտարարութեան

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Արցախի Փառուխ գիւղին առնչուած կացութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ծիրին մէջ քննելու մասին Լաւրովի յայտարարութեան: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ»-ը:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնախումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նախապէս նախատեսուած էր, կը հետապնդէ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանազատման նպատակ: Այս հոլովոյթի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր քննարկել ազրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն առնչուած», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնք

Յաջորդը

Թուրքիան Շուէտին Եւ Ֆինլանտային` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Հարցով 10 Նախապայման Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.