Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Ամման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէի հետ:
Յորդանանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Միքաթի եւ Խասաունէ ընդգծեցին լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելով երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միացեալ շահերը:
Խասաունէ հաստատեց, որ Յորդանան, առաջնորդութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորին, կը զօրակցի Լիբանանին` անոր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտալլա Բ. թագաւորին կեցուածքներուն համար` շեշտելով լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով իր յանձնառութիւնը:


