Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ուղղուինք Դէպի Ընդհարում` Լիբանանի Նաւթային Հարստութեան Վերաբերող Վտանգներուն Առումով» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յունիս 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի նաւթային եւ կազային հարստութեան, ինչպէս նաեւ եւ ծովային սահմանագծումին, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար լուրջ մարտահրաւէր մըն է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան այս օրերուն ընթացքին մուտք գործած է նոր փուլ մը եւ կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրի մը դիմաց` նկատի ունենալով յունական նաւը, որ Լիբանանի եւ Հիւսիսային Պաղեստինի միջեւ թիւ 29 սահմանագիծին կից գտնուող Քարիշի վիճելի շրջան հասած է ոչ թէ նաւթի ու կազի պեղում կատարելու, այլ` նաւթահորն ու կազահորը հորատելու:

«Գետնի վրայ արձանագրուած այս զարգացումին մասին լսեցինք յայտարարութիւններ եւ կարդացինք հաղորդագրութիւններ, որոնք լիբանանեան պետութեան կեցուածքները կ՛արտայայտէին: Նախորդ օրերուն պատահածը Լիբանանի դէմ յարձակում է եւ ընդվզեցուցիչ աքթ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դժուար կացութեան դիմաց զետեղել է, այլ խօսքով` բոլորս կը գտնուինք ազգային լուրջ հարցի մը դիմաց», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ անոր ջուրերուն մէջ գտնուող հարստութեան կապուած հարցը իսկապէս պէտք է ազգային լուրջ եւ յստակ հարց մը ըլլայ Լիբանան հայրենիքին հետ պատկանելիութիւն զգացող իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար:

«Մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք հսկայ գանձի մը, զոր կոչած էինք «Մեզի կից գտնուող գանձ»: Այս հարստութեան արժէքը այն է, որ անիկա միակ յոյսն է` լուծելու համար Լիբանանի տագնապները եւ Լիբանանը փրկելու: Այդ գանձը իւրաքանչիւր լիբանանցիի գանձն է», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ պէտք է պաշտպանել այդ գանձը եւ հորատել զայն, ապա օգտուիլ այդ հարստութենէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի նաւթային հարստութիւնը վտանգներ կը դիմագրաւէ:

«Այդ վտանգներէն առաջինն է այն, որ ամերիկեւիսրայէլեան ճիգ եւ ջանք կայ այդ գանձը յափշտակելու եւ իւրացնելու, իսկ երկրորդը` արգիլել Լիբանանին, որ իր նաւթահորերը հորատէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այս իմաստով Լիբանան եւ Սուրիա շրջանին մէջ միակ երկիրներն են, որոնց արգիլուած է նաւթահորերու եւ կազահորերու պեղումը` պատժամիջոցներու ենթարկուելու խորագիրին տակ:

Ան աւելցուց, որ երրորդ վտանգը ուղղակիօրէն կապուած է ժամանակին, այսինքն` այն ատեն, երբ արտօնուի Լիբանանին պեղել եւ ապա հորատել, արդէն իսկ նաւթահորերուն մէջ հարստութիւն մնացած պիտի չըլլայ:

«Հետեւաբար մենք կը գտնուինք այնպիսի հարցի մը դիմաց, որ համազօր է բռնագրաւուած հողերու ազատագրման հարցին: Հարաւային Լիբանանը ազատագրելու օրակարգը 1985-ին արդէն իսկ առկայ էր, եւ Դիմադրութեան զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ 2000-ին իրականացնել:

Մենք կ՛ուղղուինք դէպի ընդհարում` Լիբանանի նաւթային հարստութեան վերաբերող վտանգներուն առումով, եւ պէտք է իմանանք, որ ժամանակի ազդակը ի նպաստ մեզի չէ: Իւրաքանչիւր օրուան ուշացում կը նշանակէ լիբանանցի ժողովուրդի հարստութեան կորուստ», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ուղղակի նպատակը պէտք է ըլլայ թշնամիին արգիլել Քարիշէն կազ եւ նաւթ հորատել:

«Նաւուն գտնուած վայրը չէ հարցը, այլ այն, որ թշնամին պիտի սկսի հորատել հոն գտնուող նաւթահորերն ու կազահորերը, ուր կը գտնուի այն հարստութիւնը, որ վիճելի է Լիբանանի եւ Իսրայէլի համար», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այս իմաստով Լիբանան իրաւունք ունի այդ գանձին մէջ, կարիք ունի անոր` իր դիմագրաւած տագնապները լուծելու, ինչպէս նաեւ զօրութիւն ունի` բանակ եւ Դիմադրութիւն ունենալուն համար:

Ան շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ առնուած բոլոր քայլերը` սուզանաւերն ու ծովային երկաթեայ գմբէթը պիտի չկարենան պաշտպանել ջուրի վրայ ծփացող յունական այդ սարքը:

«Լիբանանցի ժողովուրդին կը յայտնենք թշնամիին հորատելու աշխատանքը արգիլելու Դիմադրութեան յանձնառութիւնը, իսկ որեւէ պատերազմի պարագային Իսրայէլի վնասները շատ աւելի պիտի ըլլան Լիբանանի կորուստներէն: Իսրայէլի կողմէ առնուելիք որեւէ անխոհեմ քայլ պիտի ունենայ իր հետեւանքները ո՛չ միայն ռազմավարական իմաստով, այլ նաեւ` գոյութենական առումով», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն կողմէ միացեալ կեցուածքով ներկայանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին միակամ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք պէտք է քաղաքական նեղլիկ հաշիւներէ եւ տարակարծութիւններէ վեր ելլենք, որովհետեւ կը գտնուինք թշնամիի մը դիմաց, որ միջազգային բանաձեւերը չի ճանչնար եւ կը գործէ ուժի տրամաբանութեամբ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան ընձեռուած հզօր ընտրանքներէն է` նկատել տալով, որ բազմաթիւ կարողութիւններ ունեցող ԴԻմադրութիւնը չի կրնար ձեռնածալ նստիլ եւ ձեռնածալ պիտի չնստի` Լիբանանի հարստութիւնը գողնալու իրականութեան դիմաց: «Այս իմաստով բոլոր ընտրանքները առկայ են», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք պատերազմ չեն ուզեր, բայց եւ այնպէս պատերազմէն չեն վախնար: «Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ Քարիշէն նաւթ եւ կազ հորատելու աշխատանքին, որովհետեւ անիկա մէկ նաւթահոր է եւ անոր ինքնութիւնը տակաւին վիճելի է», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ յունական նաւը եւ անոր վարչութիւնն ու սեփականատէրերը պէտք է իմանան, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը կատարեն, հետեւաբար պէտք է իրենց նաւը այդ ջուրերէն հեռացնեն:

Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը օրական եւ ժամական դրութեամբ պիտի հսկէ արձանագրուող քայլերուն` աւելցնելով, որ իրենք այս մասին կազմած են յանձնախումբ մը, որ ամբողջական թղթածրար պիտի պատրաստէ: «Այս յանձնախումբին պիտի նախագահէ նախկին երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի, որ պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ այս աշխատանքը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնական գոյացութեան ռազմավարութիւնը Լիբանանը կը մղեն սովի, որ մեծ վտանգ կը սպառնայ երկրին ընկերային ապահովութեան, որ աւելի վտանգաւոր է, քան` քաղաքացիական պատերազմը:

«Պահանջուած է պետական եւ ժողովրդային միացեալ կեցուածք մը որդեգրել` Լիբանանի զօրութեան աղբիւրներուն համընկնող. այդ պարագային անպայման կը յաղթենք այս ճակատամարտին», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

Նախորդը

Ճ. Պուչիքեան Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Լիբանանեան Արտադրութիւնները Քաջալերելու

Յաջորդը

Ամմանի Մէջ. Խասաունէ Միքաթիին Յայտնեց Յորդանանի Զօրակցութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?