Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճ. Պուչիքեան Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Լիբանանեան Արտադրութիւնները Քաջալերելու

June 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցեր:

Ճ. Պուչիքեան անդրադարձաւ ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հաւանական լուծումներուն:

Միւս կողմէ, Պուչիքեան հաստատեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Եւրոպա արտածուող լիբանանեան զանազան արտադրութիւնները, յատկապէս` սննդեղէն, դեղորայք, մաքրութեան դեղեր, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ օգտագործուող սարքեր ու շարժակներ:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան սկսած է նաեւ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստել ու զանոնք արտածել եւրոպական երկիրներ:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ նախարարութիւնը մշակեց որեւէ արդիւնաբերութեան պարագային չափանիշները յարգելու օրակարգ մը եւ անոր գործադրութեամբ կարելի եղաւ պահպանել որակը, արտածումի շուկայ ունենալ, պահպանել մրցունակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ազգային արդիւնաբերութեան մակարդակն ու հանգամանքը:

Ճ. Պուչիքեան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ իրենց տարեկան արձակուրդը անցընող արտերկրի լիբանանցիներուն` լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու, ինչպէս նաեւ իրենց միջավայրին մէջ այդ արտադրութիւնները շուկայադրելու` ծանօթացնելու համար այդ արտադրութիւնները, որոնք կրնան օտար երկիրներու մէջ Լիբանանի դեսպանները ըլլալ եւ Լիբանանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն արտածումը բարելաւել:

Ան հաստատեց նաեւ, որ նախարարութիւնը մշակած է այլ ծրագիր մը, որուն հիման վրայ ներքին լիբանանեան սննդեղէնի ապահովութիւնը կը պահպանուի եւ անիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդուի լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումի թափէն:

«Ճարտարարուեստի մարզին մէջ ի յայտ եկած որեւէ հարցի կամ տագնապի պարագային, նախարարութիւնը պատրաստ է միջամտելու եւ հարցը լուծելու: Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն ընկերակցութեան եւ ճարտարարուեստի խորհուրդներուն հետ մնայուն կապի մէջ ենք` որեւէ հարց լուծելու համար», հաստատեց Պուչիքեան:

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 161-Ամեակ

Յաջորդը

«Կ՛ուղղուինք Դէպի Ընդհարում` Լիբանանի Նաւթային Հարստութեան Վերաբերող Վտանգներուն Առումով» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.