Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Երբեք Շահագրգռուած Չեն Եղած Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծումով» Կ՛ըսէ Նուրկալիեւ

June 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ երբեք շահագրգռուած չեն եղած ղարաբաղեան տագնապին լուծումով, ամերիկացիներուն ձեռնտու էր անընդհատ լարուածութեան օճախ պահպանելը` թուլացնելով շրջանի երկիրները: «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ռաշիտ Նուրկալիեւ:

«Այս տագնապը կը հասուննայ շատոնց` տակաւին խորհրդային ժամանակներէն: Եւ ան շատ ձեռնտու էր Ուաշինկթընին` իբրեւ լարուածութիւն ստեղծելու պատրուակ: Արեւմուտքը չէր պատրաստուէր լուծել այս շրջանի խնդիրները», ըսած է Նուրկալիեւ:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են «ժամանակ առ ժամանակ բորբոքուող տագնապներով, որոնք կը վնասեն դրացի պետութիւններու կայուն կեանքին»:

Միեւնոյն ժամանակ Նուրկալիեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիայէն բացի ոչ ոք ձեռնարկած է այդ խնդիրի խաղաղ լուծումին: Ան յիշեցուցած է, որ ինքնին Մոսկուայի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը համաձայնած են ամբողջութեամբ դադրեցնել կրակոցը եւ փոխանակել գերիներու եւ մահացածներու մարմինները: Բացի անկէ, հաղորդակցութեան գիծի երկայնքին տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ:

«Այսպիսով, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի հաստատման յաջող միջնորդութենէն ետք Մոսկուան ուժեղացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ իր խաղաղապահ ներկայութիւնը: Ռուսիան այսօր աշխուժ ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«Հայաստանը Տարբեր Պատրուակներով Կը Ձգձգէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Բացումը» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

Խօսելով Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Մասին` «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Յառաջընթացին Տարբեր Միջոցներով Աջակցելու, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ» Կ՛ըսէ Սալիվըն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.