Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, պատասխանելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հարցումներուն, նշած է, որ Պաքուն բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին աջակցելու մասին:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանը դրականօրէն արձագանգած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման եւ անոնց մասնակցութեամբ երեք հանդիպում կատարելուն:
Պայրամով այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը կոչած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ուղարկուած «դրական ուղերձներու օրինակ»:
Միեւնոյն ժամանակ, արցախեան Բ. պատերազմէն ետք Ազրպէյճանը, ըստ Պայրամովի, «մէկ կողմ դրած է անցեալի վէրքերը»` յայտարարելով «խաղաղութեան» եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութեան մասին:
«Հայաստանը մէկ տարի անտեսած է Ազրպէյճանի խաղաղութեան կոչերը: Հակառակ ատոր, Պաքուն այս տարուան սկիզբը հրապարակած է այն սկզբունքները, որոնց վրայ կարելի է հիմնել ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը», ըսած է Պայրամով:
Անոր համաձայն, Պաքուի «խաղաղութեան օրակարգը» դրական արձագանգ ստացած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը: «Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները վերջին երկու ամիսներուն երկու դէմ առ դէմ հանդիպում կատարած են», յիշեցուցած է Պայրամով` նշելով, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ, այլ հարցերու շարքին, ներառուած է նաեւ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:
Պայրամով ըսած է, որ Հայաստանէն սկսած են որոշակի դրական ազդակներ գալ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:
«Այս ազդանշանները մենք կ՛ընդունինք իբրեւ դրական քայլեր: Այս ուղղութեամբ շարժման շարունակականութիւնը կը բխի ո՛չ միայն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի շահերէն: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամէնէն շատ անհրաժեշտ է ինքնին Հայաստանին… Երեւանը պէտք է ճիշդ գնահատէ իրավիճակը եւ ընէ ճիշդ եզրայանգումներ», ըսած է Պայրամով:
Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման բանակցութիւններուն, Պայրամով նշած է, որ այս հարցին մէջ տակաւին որոշակի արդիւնքներ չկան: «Հայաստանը տարբեր պատրուակներով կը ձգձգէ այս հոլովոյթը», յայտարարած է ազրպէյճանցի նախարարը:
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը բացայայտօրէն կը յայտարարեն. «Մենք Երեւանի հետ խնդիրներ չունինք: Մեր երկիրները հանդէս կու գան Հայաստանի հետ բնական բարի դրացիական յարաբերութիւններու օգտին: Եթէ Երեւանը համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ, յարգէ միջազգային օրէնքի արժեչափերը եւ հաշուի առնէ շրջանի իրողութիւնները, լաւ արդիւնքները կարելի պիտի դառնան», ըսած է ան:


