Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Պայթում` Հիւսիսային Իտլիպի Մէջ Թրքամէտ Զինեալ Խմբաւորման Մը Զինապահեստանոցին Մէջ

June 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ֆայլաք Շամ» զինեալ խմբաւորման տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան, երբ հիւսիսային Իտլիպի մէջ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ խմբաւորման պատկանող զինապահեստանոցի մը մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Տեղական աղբիւրներ յայտնած են, որ չորեքշաբթի գիշերուան պայթումը պատահած է հրթիռներ ու զէնքեր պարունակող եւ Պապսաքա գիւղին մօտ գտնուող մեծ պահեստանոցի մը մէջ:

Պայթումին պատճառը կը շարունակէ մնալ անծանօթ, սակայն ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ատիկա հետեւանք է անծանօթ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի մը:

Հրթիռներու եւ զինամթերքի իրերայաջորդ պայթումներուն պատճառով մօտակայ գիւղերուն մէջ քաղաքայիններ վիրաւորուած են:

Աղբիւրներ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ պայթումը տեղի ունեցած է, երբ զինապահեստանոցին մէջ եւ շուրջը տասնեակներով Ֆայլաք Շամի անդամներու ղեկավարներ կային, որոնք պահեստանոցը կը քննէին` առ ի պատրաստութիւն  Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջան զէնք-զինամթերքի փոխադրութեան: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ ատիկա տեղի կ՛ունենար ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն թրքական գաղտնի սպասարկութեան վերահսկողութեամբ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն մօտ սկսած ուժերու կուտակման ծիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած էր. «Թուրքիան մուտք կը գործէ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին 30 քիլոմեթրնոց անվտանգութեան գօտի ստեղծելուն ուղղուած գործողութեան հերթական փուլ»:

«Յառաջիկային թրքական բանակը Թել Ռիֆաաթի եւ Մընպեժի շրջանները պիտի զտէ այստեղ գործող ահաբեկչական կառոյցներէն: Աստիճանաբար այդ գործողութիւնները պիտի տարածուին նաեւ (Սուրիոյ հիւսիսի) միւս շրջաններուն վրայ», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ թրքական ուժերը առաջին անգամ ըլլալով Արաբունարի գիւղական շրջանին մէջ թիրախաւորած են ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի դիրքերը:

Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով զգուշացուց. «Հիւսիսային Թուրքիոյ վրայ որեւէ թրքական յարձակում ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւններուն վրայ»:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Մայիս Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Յաջորդը

Պայտըն Չէ Բացառած, Որ Ռուսական Քարիւղի Գնումը Կրնայ Շարունակուիլ, Սակայն Շուկայէն Ցած Գիներով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.