Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակից Ատէլ Ժուպէյրիի հետ:
Կողմերը քննարկած են Հայաստանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համագործակցութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգերու ձեւաւորման, յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Հաղորդակցութեան ընթացքին նշուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը:
Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին տեղեկացուցած է, որ Հայաստան կ՛աջակցի «World Expo 2030»-ը Ռիատի մէջ կազմակերպելու Սէուտական Արաբիոյ դիմումին:


