Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Կ՛ողջունէ Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանային Յանձնախումբերուն Միջեւ Առաջին Հանդիպումը

June 2, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին օրերու լարուածութեան ծիրին մէջ կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` խորացնելու համագործակցութիւնը երկու երկիրներուն հետ` յանուն անվտանգ, կայուն, խաղաղ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի եւ ի շահ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը նշուի Շարլ Միշելի բանբեր Պարենտ Լէյցի յայտարարութեան մէջ:

«Ան ողջունած է 24 մայիսին երկու երկիրներու սահմանային յանձնախումբերու առաջին պատմական հանդիպումը եւ սահմանազատման իրականացման ծիրին մէջ ընդգծած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի երկայնքին կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման բացառիկ կարեւորութիւնը», նշած է Միշելի բանբերը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար կարեւոր է լուծել բոլոր չկարգաւորուած խնդիրները, ներառեալ նաեւ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ քննարկումներու առնչութեամբ յառաջխաղացումը եւ տագնապի արմատական պատճառներու վերացումը:

«Նախագահ Միշելի կարծիքով` բոլոր առանցքային հարցերը, որոնք յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, ինչպէս նաեւ 2020 թուականին վերսկսած զինուորական գործողութիւններուն, պէտք է լուծուին բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կողմէ` ստեղծելով պայմաններ յանուն տեւական եւ արդար խաղաղութեան:

«Ինչպէս տագնապի որեւէ ժառանգութեան պարագային, այս ծիրին մէջ եզրաբանութիւնը յատկապէս զգայուն է: 22 մայիսին ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ նախագահ Միշելի յայտարարութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ քննարկումներու նախապէս կանխորոշուած արդիւնքի հաստատում: Ի վերջոյ կարեւորագոյնը այն է, որ բոլոր հարցերուն համապարփակ կերպով անդրադարձ կը կատարուի` ներառելով բնակչութեան բոլոր խումբերուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», նշած է Միշելի բանբերը:

Ան տեղեկացուցած է, որ 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յատուկ անդրադարձ կատարուած է շրջանի ապաշրջափակման հարցին: «Այս ծիրին մէջ երկու կողմերը հաստատած են, որ չկան արտատարածքային յաւակնութիւններ` առնչուած ապագայ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներուն: Հակառակի մասին շահարկումները ցաւալի են:

«Ի վերջոյ, նախագահ Միշել ընդգծած է ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնն ու այս առումով հանրային հռետորաբանութեան կարեւոր դերը: Ան ողջունած է Երեւանի ու Պաքուի ղեկավարները եւ յայտնած բանակցութիւններու շարունակութեան նպատակով բարենպաստ մթնոլորտի ապահովման գործին մէջ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու մտադրութեան մասին` յայտնելով Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` ուժեղացնելու իր աջակցութիւնը վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու ձեռնարկման գործին մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Միշելի բանբերը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար պիտի այցելէ շրջան` հետեւելու վերոնշեալ հարցերուն մէջ քննարկումներու շուրջ զարգացումներուն:

Նախորդը

Միջազգային Համաժողով` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Մէջ. «Ազրպէյճանը Որեւէ Պատասխանատուութեան Չէ Ենթարկուած Իր Յանցագործութիւններուն Համար»

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Սէուտական Արաբիան Քննարկած Են Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.