Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ

May 21, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ կոյր խաղացողներէ բաղկացած ֆութպոլի խումբեր: Այս ձեւով, վերջերս, լրագող լուսանկարիչ մը հետեւած է Փղոսկրեայ Ափունքի Ապիճան քաղաքին մէջ կոյր խաղացողներու ֆութպոլի խումբին փորձերուն: Այս խումբը կ՛աշխատի լաւ արդիւնք արձանագրելու նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ափրիկէի ախոյեանութեան: Այս խաղացողներուն երազն է մասնակցիլ Փարիզի 2024¬ի Փարաողիմպիական խաղերուն:

Յատուկ Օրէնքներ
Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ
Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ

Կոյր խաղացողներու ֆութպոլի խաղը ունի իրեն յատուկ օրէնքները: Առաջին հերթին է խաղացողներուն նոյն մակարդակի վրայ գտնուիլը: Կան խաղացողներ, որոնք ամբողջովին կոյր են, իսկ ուրիշներ, որոնք թեթեւ լոյս մը կը նշմարեն: Այս ձեւով, որպէսզի բոլոր խաղացողները հաւասար ըլլան, բոլորն ալ աչքերը ծածկող դիմակ մը պէտք է գործածեն` ամբողջական մթութիւն մը ստեղծելով:

Անոնց դաշտը աւելի փոքր է, 20×40 մեթր: Ան պատնէշով մը շրջապատուած է, որպէսզի գնդակը դուրս չերթայ:

Խումբը կազմուած է դաշտի 4 կոյր խաղցողներէ, եւ մէկ տեսնող բերդապահէ մը:

Խաղը կը տեւէ 30, 40 կամ 50 վայրկեան:

Ձայնին Դերը
Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ
Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ

Խաղացողները, որոնք վարժ են առանց տեսնելու շրջելու, կը դիմեն նաեւ լսողութեան:

Այս ձեւով, ֆութպոլի գնդակը լեցուած է փոքրիկ զանգակներով, որոնք ձայն կը հանեն գլորուելու ընթացքին:

Խաղացողները մտիկ կ՛ընեն հակառակորդ բերդին ետեւը կանգնած զիրենք ուղղորդողը, իրենց մարզիչը կամ բերդապահին տուած տեղեկութիւններն ու հրահանգները:

Դէպի գնդակը վազող խաղացող մը պէտք է լուր տայ միւս խաղացողներուն` կանչելով «վոյ», բախումներէն խուսափելու համար: Եւ որպէսզի խաղացողները կարենան լաւ լսել, հանդիսատեսներէն կը պահանջուի լռութիւն: Սակայն, անշուշտ, անոնք իրաւունք ունին պոռալու, երբ կոլ կը նշանակուի…

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Մեր ուղեղին այն բաժինը, որ կը բանի, երբ մենք ձայն կը լսենք, կը բանի նաեւ այն ատեն, երբ բացարձակ լռութիւն կը տիրէ:

– Կան մարդիկ, որոնք ահաւոր կերպով կը վախնան լռութենէն:

– Ճիշդ է, որ մեզի կը թուի, թէ անջրպետին մէջ լռութիւն կը տիրէ, սակայն գիտնականները կրցած են անդրադառնալ, որ հոն գոյութիւն ունին ձայնի ալիքներ, զորս մարդկային ականջը չի կրնար լսել:

– Գիտէի՞ր, թէ «լռութիւնը ոսկի է» ասացուածքը եկած է հին Եգիպտոսէն: Անոր ամբողջական տարբերակն է` «Խօսքը արծաթէ է, լռութիւնը` ոսկի»:

– Ամերիկացի յօրինող Ճոն Քէյճի «4՛ 3՛՛» արձանագրութիւնը կոչուած է նաեւ «Լուռ կտոր». ասիկա երաժշտութեան մէջ դաշնակի համար յօրինուած կտոր մըն է, որ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 1952-ին: Միակ արտադրուած ձայնը դաշնակին ստեղնաշարին կափարիչը բացուելուն եւ գոցուելու ձայնն էր:

– Աշխարհի վրայ ամէնէն լուռ վայրը Միացեալ Նահանգներու Մինըսոթա նահանգին մէջ գտնուող յատուկ սենեակ մըն է: Այս սենեակին մէջ ամէնէն շատ տոկացող անձը, դուրս ելլելու պահանջը զգալէ առաջ, կրցած է դիմանալ 45 վայրկեան:

2 Անգամ Նուազ Թթուածին

Գիտէի՞ր, թէ Ռինքոնատան աշխարհի ամէնէն բարձր շրջանին մէջ գտնուող քաղաք է: Ան թառած է 5300 մեթր բարձրութեան վրայ:

Փերուի մէջ գտնուող այս քաղաքին 50 հազար բնակիչները կը շնչեն մեր շնչած օդէն երկու անգամ նուազ թթուածին պարունակող օդ մը: 2018 թուականէն ի վեր ֆրանսացի մասնագէտներու խումբ մը ամէն տարի ժամանակ մը հոն կ՛անցընէ ուսումնասիրելու համար, թէ ինչպէ՛ս մարդկային մարմինը կ՛ընտելանայ նման ծանր պայմաններու:

Այս պայմաններու գլխաւոր հետեւանքը կը բացայայտուի արեան պարագային:

Նուազ թթուածին պարունակող օդով միջավայրի մը մէջ, արեան մէջ կ՛արտադրուին մեծ քանակով կարմիր գնդիկներ: Այս կարմիր գնդիկներն են, որոնք թթուածինը կը փոխադրեն արեան մէջ` հատուցելու համար օդին մէջի թթուածինի պակասը: Այս պարագային, մտահոգութիւնը այն է, որ արիւնը շատ թանձր կը դառնայ եւ դժուարութեամբ կը շրջի: Ասիկա կրնայ յառաջացնել բազմաթիւ առողջական հարցեր:

***

Այս մասնագէտներու խմբակը բժշկական խնամքներ կը հայթայթէ նաեւ շրջանի բնակիչներուն, յատկապէս` աչքերու վերաբերեալ: Այդ բարձրութեան վրայ արեւուն ճառագայթները վտանգաւոր կը դառնան: Սակայն մէկ ամսուան կեցութենէ ետք այս օտար մասնագէտները ստիպուած են իրենց երկիրը վերադառնալ, որովհետեւ իրենց մարմինը վարժ չէ այդ դժուար պայմաններուն եւ չի կրնար աւելի երկար տոկալ այդ բարձրութեան վրայ:

Աշակերտներու Նուիրուած Ծառեր

Անգլիոյ մէջ անտառներու պահպանման համար աշխատող խմբակ մը` «Ուուտլենըտ թրասթ», կը փափաքի մինչեւ 2025 տնկել 50 միլիոն ծառ` կլիմայի ջերմացումին դէմ պայքարելու համար:

Այս խմբակը կը քաջալերէ մեծ եւ մանուկ` մասնակցելու այս խմբային աշխատանքին: Այս ձեւով, օրինակի համար, ան դպրոցներուն կը նուիրէ ծառեր` տնկելու համար: Այս նպատակով մարտ ամսուն 50 հազար ծառի տունկեր ղրկուեցան անգլիական 300 դպրոցներ, որոնք արձանագրուած էին մասնակցելու համար այս ծրագիրին:

Յաջորդ հանգրուանը կը նախատեսուի նոյեմբեր ամսուն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ցանցին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած պատկերները: Առաւել, պատկերին մէջ պահուած են նաեւ` վրձին մը, ձեռնոցներ, թուղթի կցիչ մը, եւ մոմ մը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր նշանի ներկայացուցած թիւը:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Մայիս 2022)

Յաջորդը

Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմենք Ազգովին

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.