Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

May 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ Թրիփոլիէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, Պէյրութ ու Հայաստան: Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի սիրտը դադրած էր բաբախելէ: Մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ, վկայուած էր Երեւանի բժշկական համալսարանէն, 1988-ին: Ապրած  էր այն եռուն ժամանակաշրջանի օրերը, որոնք նախօրեակն էին Արցախի ազատագրական շարժումի մեկնարկին:

Այդ բոլորը եւ իր ազգային ու միութենական դաստիարակութիւնը պիտի պսակուէին Դաշնակցութեան շարքեր մուտքով` 1990-ին: Այնուհետեւ աշխուժ մասնակցութիւն` կուսակցական գործին, Թրիփոլիի մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական, քարոզչական աշխատանքներուն եւ շրջանի կոմիտէի անդամակցութիւն բազմաթիւ անգամներ` 2002-2021:

Րաֆֆի Նալպանտեանի կեանքին առանցքը կուսակցական կեանքն էր եւ այն, ինչ որ կուսակցութեան առընթեր, իբրեւ ուղեկից միութիւն կ՛իրագործուէր թէ՛ հայապահպանման եւ թէ՛ համայնքի դերակատարութեան զարգացման ուղղութիւններով: Անդամ էր Համազգայինին եւ ՀՄԸՄ-ին` երկու կազմակերպութիւններուն մէջ տեսնելով մեր մշակոյթի զարգացման եւ մեր մարմնամարզական հիմնական կարողականաութիւնը` սերունդներու դաստիարակութեան առումով:

Այստեղ չ՛աւարտիր տոքթ. Րաֆֆիի հանրային գործունէութիւնը: Հաւատալով եկեղեցւոյ դերին, ան իբրեւ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ իր մասնակցութիւնը բերած է շրջանի հայութիւնը եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու հիմնական աշխատանքին: Միաժամանակ անդամ` Հայ ատամնաբուժներու միութեան եւ բնականաբար նաեւ Լիբանանի ատամնաբուժերու սենտիքային:

Կեանքը մը ամբողջ` տրամադրուած համայնքին, կուսակցութեան, եկեղեցւոյ, մշակոյթին եւ մարմնակրթական աշխատանքներուն: Կեանքի իմաստը` ծառայութիւն:

Տոքթ. Րաֆֆին բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Շրջանային ժողովներուն: Իր կարճ ելոյթները ունեցած են սուր սալքներ, որոնք պարուրուած են զուարթախօսութեամբ: Հիւմըրով քննադատական ուղերձը տեղ հասած է սակայն. նպատակը` սրբագրութիւն:

Իսկ իր ժողովական ելոյթները վերաբերած են ոչ միայն Թրիփոլիի շրջանին կամ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ մեր դիմագրաւած հարցերուն, այլ նաեւ` հայրենիքին, այնտեղ մեր կուսակցութեան կայացման աշխատանքներու հետ կապուած խնդիրներուն: Անոր հետ ժողովական եղողները պիտի յիշեն այն ամփոփ, սակայն իրատեսական նկարագրումները հիւսիսային Լիբանանի մէջ ժողովրդագրական պատկերի, մեր թշնամիին տարած աշխատանքներուն, ձեռք ձգած կամ որոշ տեղեր ձախողած արդիւնքներուն մասին:

Րաֆֆին  իր կնոջ` Անիթա Ալոզեանի եւ երկու դուստրերուն` Լիլիթին եւ Սանահանին հետ կազմած էր հայկական օրինակելի ընտանիք: Ան հեռացաւ ոչ միայն իր ընտանիքէն, այլ նաեւ` աւելի մեծ ընտանիքէն, որ Դաշնակցութիւն, համայնք եւ եկեղեցի կը կոչուի: Հեռացաւ ֆիզիքապէս, սակայն մնա՛ց հոգիով, մտածումներով եւ մանաւանդ վառ մնացող յիշատակով:

 ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

Ինչպիսի՞ Հայաստան… Ազգային Անվտանգութիւն

Յաջորդը

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.