Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցելու յատուկ խորհրդաժողովին:
Պու Հապիպ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս խորհրդաժողովը կազմակերպելու` հակառակ տիրող դժուար կացութեան եւ պայմաններուն:
Պու Հապիպ յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ յանձնառութիւն յայտնուի սուրիացի տեղահանուածներուն եւ հիւրընկալ երկիրներուն օժանդակութիւնը շարունակելու:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ տնտեսական ու նիւթական տագնապին` հաստատելով, որ 2011-ին Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմը դէպի Արեւելք Լիբանանի պատուհանը փակած է, ինչպէս նաեւ Լիբանանը ենթարկած նիւթական հսկայական վնասներու` նկատի ունենալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս կան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ եւ նուազ քան կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներ, որոնք Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը կը կազմեն:
«Ճիշդ է, որ միջազգային ընտանիքը իր օժանդակութիւնները տրամադրեց սուրիացի տեղահանուածներուն եւ հիւրընկալ երկիրներուն, սակայն կայ ուսումնասիրութիւն մը, որ կը հաստատէ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ծախսերը Լիբանանի մէջ տարեկան 3 միլիառ տոլարի համազօր եղած են, հետեւաբար 11 տարուան ընթացքին Լիբանան 33 միլիառ տոլար ծախսած է սուրիացի տեղահանուածներուն համար», ըսաւ Պու Հապիպ` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն բազմածին ըլլալուն պատճառով Լիբանանի ժողովրդագրական հաւասարակշռութիւնը խախտած է, իսկ լիբանանցիներուն 75 առ հարիւրը աղքատ է:
Ան նկատել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակ երկիրները ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի նոր տարբերակ մը կը ստեղծեն անոնց համար, «մինչդեռ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն կը նուազեցնէ իր նպաստները», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այդ օժանդակութիւնները հետզհետէ սահմանափակ պիտի դառնան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն համար:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան համար կարեւոր է հաստատել, որ Լիբանան կարողութիւն չունի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը սպասելու եւ ո՛չ ալ կրնայ արգիլել իր ծովափներէն ապօրինի կերպով նաւերը, որոնցմէ մէկը շուրջ երկու շաբաթ առաջ ծովամոյն դարձաւ:
«Լիբանան այս ծանր բեռը երկար ժամանակի համար չի կրնար շալկել, իսկ օժանդակ երկիրները պէտք է լսեն Լիբանանի մտավախութիւնները եւ փոփոխութեան ենթարկեն իրենց վարուելակերպը սուրիացի տեղահանուածներուն հետ, «թերեւս աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ այդ օժանդակութիւնները կատարուին Սուրիոյ մէջ», յայտնեց ան:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ուժի կիրարկումով սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պարտադրել, եւ համաձայն է անոնց ապահով ու անվտանգ տունդարձին: «Ներկայ իրավիճակին այսպէս շարունակուիլը ընդունելի չէ», յայտնեց ան:


