Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Հսկելու Ցուցմունքներ Կու Տայ

May 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց սպայակոյտի, ինչպէս նաեւ բանակի անկախ զօրամասերու պետերուն նիստին եւ անոնց ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկելու ցուցմունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել անոնց յաջողութիւնը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը գործնապէս եւ ապահովական առումով կազմ ու պատրաստ է իրականացնելու այս աշխատանքը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ բանակը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, իսկ անոր համար կարեւոր է երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարութեամբ ու յաջողութեամբ կատարել:

Զօր. Աուն անդրադարձաւ այն բոլոր ամբաստանութիւններուն, որոնք արձակուեցան բանակին դէմ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքին ընթացքին: «Բանակը չէզոք է եւ ընտրութիւններուն առումով անկողմնակալ: Բանակայինները կը միջամտեն միայն այն ատեն, երբ հարցեր կամ խնդիրներ արձանագրուին, որպէսզի կարենան հակակշիռի տակ պահել կացութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերուն ազգային պատասխանատուութեամբ վարուելու եւ բանակին հետ գործակցելու` սահմանադրական այս հոլովոյթը հանդարտ եւ ժողովրդավար մթնոլորտի մէջ կատարելու:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ անյայտ կորսուածները փնտռելու աշխատանքը` աւելցնելով, որ կարգ մը երկիրներու դիմուած է` նաւը ծովուն յատակէն դուրս բերելու համար, եւ անոնք ընդառաջած են:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը իր պարտականութիւնը կատարած է, կատարեալ թափանցիկութեամբ կը վարուի այս թղթածրարին հետ եւ այդ իմաստով հետաքննութիւն բացած է:

Զօր. Աուն դրուատեց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն ընթացքին բանակայիններուն ցուցաբերած զոհողութիւնը, կարգապահութիւնը, համբերութիւնն ու կորովը: «Բանակի հրամանատարութիւնը կը հպարտանայ ձեզմով եւ վստահ է, որ բանակը ընտրութիւններու հոլովոյթը պատասխանատուութեամբ պիտի անցընէ` առանց ազդուելու իր հասցէին արձանագրուած ամբաստանութիւններէն եւ քննադատութիւններէն», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Մէջ Ելեկտրականութեան Տագնապին Արմատական Լուծումը Ուշանայ» Շեշտեց Մ. Մուրթատա

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Չենք Վստահիր Իսրայէլին եւ Կը Մնանք Կազմ ու Պատրաստ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.