Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ Ծրագիրի Առաջին Փուլը

May 11, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուտով ընտրուելիք խորհրդարանին համապատկերի ուրուագծման փորձը անպայման յստակ եւ բացարձակ կանխատեսում չէ: Ո՛չ ալ նախնական արդիւնք` քուէարկողներու հետ իրականացած հարցախոյզի տուեալներու հիման վրայ: Ուրուագծումը քաղաքական վերլուծման հիման վրայ գծուած պատկեր է:

Այսպէս. յայտարարուած առաջադրանք է համայնքայինէն քաղաքացիական պետութեան անցումը: Քարոզչաքաղաքական ցանցային մեքենաներ լիբանանեան ամբողջ ողբերգութիւնը կ՛ուզեն բարդել գործող համակարգին վրայ եւ անկէ դուրս գալու միակ միջոցը կը նկատեն համակարգային փոփոխութիւնը. վերջ տալ համայնքայինին եւ անցնիլ քաղաքացիականին:

Առաջադրանքը գրաւիչ է նաեւ նոր սերունդին համար: Բոլոր համայնքներոն մօտ կը նկատուին համայնքակեդրուն եւ համայնքախոյս ուղղութիւններու հակոտնեայ ընթացքներ: Առաջադրանքը կ՛ալիքաւորուի, կը ներգրաւէ կազմակերպութիւններ, որոնք դէմ են նաեւ կուսակցականացուած համակարգին: Շարժումներուն կը տրուի հակահամայնքային եւ հակակուսակցական էութիւն` արմատացած համակարգ փոխելու նպատակադրումով:

Ծրագիրը երկարաժամկէտ է. ակնկալելի չէ, որ մէկ օրէն միւսը  տասնամեակներու վրայ ամրակայուած միջհամայնքային համակարգը փուլ գայ եւ միանգամայն յառաջանայ նորը, քաղաքացիականը: Համակարգը յանկարծակի փուլ չի գար. բայց այդ համակարգին վրայ կայացած պետութեան եւ իր հաստատութիւններուն անդամալուծումը կը դառնայ ռազմավարական նպատակ շատ շրջանակներու համար: Պարզապէս փաստելու համար, որ նախկինը անարդիւնաւէտ է. անհրաժեշտ է նորը:

Այս բոլորին մէջ չնկատել քաղաքական առանցքներ պարզամտութիւն է եւ իրադրութիւնները զուտ կառավարչաձեւի, բարեկարգումներու սահմաններուն մէջ ընկալել է: Այս բոլորը ի վերջոյ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարով կը բացատրուին. պետութիւններուն համար առաջնայինը ազդեցութեան տարածումն է եւ ոչ թէ Լիբանանի բարեկարգումը:

Միջազգային ընտանիքը մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է իրանամէտ Հըզպալլա կուսակցութեան զինաթափումի եւ պետական կեանքէ հեռացումի պահանջը: Ընդունինք ուրեմն, որ ազդեցութեան պայքարի առաջնային թիրախը շիի համայնքն է: Դժուար է կանխատեսելը որեւէ հիմնական փոփոխութիւն: Այս համայնքի գլխաւոր երկու կուսակցութիւններու ընտրաքաղաքական դաշինքը ամուր է, հետեւաբար որեւէ հիմնական ճեղքում` գրեթէ բացառուած:

Սիւննի համայնքի պարագան որոշ չափով տարբեր է: Անոր վրայ ազդելու ներսիւննիական պայքար կայ հիմնականին մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Անգարայի միջեւ, բայց որոշակիօրէն նաեւ Եգիպտոսի դերակատարութեամբ: Տակաւին Ռիատը կը յաւակնի գլխաւոր հովանաւորի դիրքերէ խօսիլ: «Մուսթաքպալ» հոսանքի ընտրութիւններուն չմասնակցիլը չի նշանակեր Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութեան չէզոքացում: Այս համայնքը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացուի տարբեր խմբակցութիւններով, այդուհանդերձ հիմնականին մէջ դէպի Ռիատ նայող խորհրդարանական դէմքերով:

Այս երկու ուղղութիւններով ուրեմն ազդեցութեան առումով հիմնական փոփոխութիւներ չեն ակնկալուիր: Թոյլ օղակը համեմատաբար տիւրզի համայնքին մօտ է եւ առաւել եւս քրիստոնեայ տարբեր դաւանանքներու: Այստեղ հիմնական թիրախաւորուածը նախագահի կուսակցութիւնն է: Իբրեւ վարչակարգ ներկայացնող, բայց նաեւ իբրեւ Հըզպալլայի դաշնակից: Մինչ, քրիստոնէութեան անունով խօսող միւս ուժերը` Լիբանանեան ուժերն ու Փաղանգաւորները, նախկին ու դասական ըլլալով, այսօրուան համակարգին յենասիւնի դեր ունեցած ըլլալու հանգամանքներով կը փորձեն կամրջումներ կատարել քաղաքացիական շարժումներու հետ եւ Ներակայանալ իբրեւ համակարգային փոփոխութեան ջատագով ուժեր:

Երկարաժամկէտ ծրագիրի առաջին փուլը կը թուի որ կեդրոնացած է քրիստոնէական քաղաքական ուժերուն վրայ: Ներհամայնքային բաժանումներ, պառակտումներ եւ փոխհարուածներ արձանագրելով, անոնք ըստ էութեան կը կատարեն արտալիբանանեան կեդրոններու պատուէրը:

Հայկական քուէի ընտրաշրջանները առնչուած ըլլալով, թիրախ են ուրեմն փոփոխութեան առաջին փուլը իրականացնողներուն համար: Քաղաքական այս գիտակցութիւնը անհրաժեշտ է համայնքակեդրոն մտածողութիւնը պահելու եւ ըստ այնմ ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ իրողապէս համայնքապատկան թեկնածուներուն քուէարկելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Ժողովրդային Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալ-Չտալու Հարցը Պիտի Որոշէ Յունիսին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.