Պատմական յիշարժան օր մըն էր շաբաթ, 7 մայիս 2022-ը զուիցերիահայ գաղութի տարեգրութեան մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի տարածքին Հայաստանի եւ Հայ դատի ծանօթացման կարեւոր նուաճում մը իրագործուեցաւ Ժընեւի Թրուանէ շրջանին մէջ` հայոց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցի խաչմերուկի «Արմենիա» հրապարակ անուանակոչումով:
Քաղաքի արուարձաններէն Թրուանէի թաղամասի սկզբնաւորութեան արդէն յիսուն տարիներէ ի վեր կանգուն է հայկական ճարտարապետութեան ինքնատիպ ոճով կառուցուած Ս. Յակոբ եկեղեցին, որուն ներքին որմերը տուֆով պատուած են:
Հանդիսութեան բացման պահուն` կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ներկայ էր արտասովոր բազմութեան մը` շուրջ հինգ հարիւր հոգի, որոնց մէջ նկատելի էին Զուիցերիոյ այլ քաղաքներէն եւ մօտակայ ֆրանսական շրջաններէն հասած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ տեղացի թաղեցիներ:
Շրջանի քաղաքապետ Կի Լաւորել, որուն կ՛ընկերակցէին քաղաքապետութեան անդամներ, հայկական աղ ու հացով բեմ հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան բացման. ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական ներկայութեան` նկատի ունենալով, որ շրջանի երեք եկեղեցիներէն մէկը այս հայկական գեղակերտ տաճարն է: Անուանակոչութեան ծրագիրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015-ին այստեղ արտայայտուած խոստումի մը գործադրութիւնն է, ըսաւ ան:
Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Յովհաննէսեան անգլերէնով իր խօսքը արտասանեց` յիշելով, թէ այսօր աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունը կրող կառոյցներ կան, այս եկեղեցիի կողքին Թոփալեան միօրեայ վարժարանը եւ հայկական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի հասցէագրուի «Արմենիա», որ հայու ինքնութեան պահպանման ամբողջական կեդրոն մըն է: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական մարմիններուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն` այս իրագործումին համար:
Առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանի կողքին` Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջաններու հոգեւոր հովիւ Շնորք քհնյ. Չէքիճեանի ու դպրաց դասին կողմէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Անդաստան»-ի հոգեպարար արարողութիւնը կատարումէն ետք, տեղի ունեցաւ բացումը նորահաստատ «ԱՐՄԵՆԻԱ ՀՐԱՊԱՐԱԿ» անունը կրող զոյգ ցուցանակներու, որոնց վրայ հետեւեալը գրուած էր. «7 մայիս 2022-ին բացուած այս հրապարակը կը մարմնաւորէ սերտ կապերը Ժընեւի հայ համայնքին եւ Թրուանէի քաղաքապետարանին միջեւ», ապա զանոնք ծածկած Հայաստանի եւ Թրուանէ քաղաքապետութեան դրօշները վար առնուեցան:
Հայկական կեդրոնի եւ տեղւոյն հայութեան կողմէ ֆրանսերէնով իր փակման խօսքին մէջ Դանիէլ Փափազեան անդրադարձաւ Զուիցերիոյ մէջ հայութեան վաղեմի ներկայութեան, յիշեց, թէ հայկական կուսակցութիւններէն Հնչակեան կուսակցութիւնը 1887-ին հիմնուած է այստեղ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը հաստատուած է Ժընեւ 1892-ին, ուր գործած է 22 տարիներ: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած որբեր բերուած են Զուիցերիա, ծանօթ հայասէր անուններ են Անթոնի Քրաֆթ Պոնար, Լէոբոր Ֆաւըրը եւ Էտուար Նաւիլ: Փափազեան քաղաքապետութեան ուղղուած իր շնորհակալական խօսքին մէջ ողջունեց ներկայութիւնը նախկին քաղաքապետ Փաթթոր Վան Լունի, որուն օրով սկսած էր այս անուանակոչութեան ծրագիրը:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան կեդրոնի գետնայարկի սրահը, ուր ելոյթ ունեցաւ «Սանահին» պարախումբը: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ հայկական համադամներու եւ գինիի հիւրասիրութեամբ շուրջ երկու ժամ ժընեւահայութիւնը վայելեց ջերմ մթնոլորտ մը, որուն կարօտը ունէր «Քորոնա» համաճարակին պատճառով որդեգրուած սահմանափակումներէն ի վեր:
Ժընեւ
Յատուկ «Ազդակ»-ին






