Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

April 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Օր. Յասմիկ ծնած է Հալէպ, Եղեռնէն վերապրած տիգրանակերտցի ընտանիքի մը մէջ: Տակաւին աշակերտ` շնորհիւ հայերէն լեզուի հանդէպ ունեցած սուր զգայնութեան եւ նկարագիրի բարձր յատկանիշներուն, ուշադրութիւնը գրաւած է իր ուսուցիչներուն եւ հազիւ աւարտած, հրաւիրուած է պաշտօնավարելու նոյն յարկին տակ:

Այդ օրէն հայ դպրոցը օր. Յասմիկին համար եղած է սրբավայր, իսկ հայոց լեզուն` սուրբ: 50-ամեայ իր շիտակ եւ ազնիւ ճանապարհին ձգած է պայծառ յիշողութիւն տարբեր սերունդներու վրայ` վայելելով սէր եւ խոր յարգանք:

Օր. Յասմիկ համալսարան չէր աւարտած, սակայն լեզուագէտ էր եւ հայագէտ: Արեւմտահայերէնը չունէր գաղտնիք մը, որ բացայայտուած չէր իրեն համար: Որեւէ հարցումի պարագային հաստատակամ կու տար իր վճիռը` ճիշդ կամ սխալ, սկսելով բառին արմատէն` գրաբարէն:

Սուր քննադատ եւ անզիջող էր որեւէ լեզուական, գրական, մշակութային եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ, կը մերժէր միջակութիւնը: Ունէր կեցուածք ու կարծիք, զորս կ՛արտայայտէր նուրբ եւ հեզահամբոյր ձայնով եւ ընտրուած բառերով:

Անյագ ընթերցող էր օր. Յասմիկ. որեւէ հին կամ նոր հրատարակութեան մասին երբ նիւթ արծարծուէր, արդէն կարդացած կ՛ըլլար եւ կու տար իր վերլուծումը:

Հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններու ժողովածուի ընտրանիով պատրաստած իր խմբական արտասանութիւնները կը ծաղկեցնէին դպրոցի հանդէսները, զորս կը կատարէր բացառիկ բծախնդրութեամբ:

Կրթական համակարգի նրբերանգներուն լիարժէք տիրապետած ըլլալով` ոչ միայն թելադրանքներ կը կատարէր աշակերտներուն, այլ` իբրեւ աւագ ուսուցչուհի, ցուցմունքներ կու տար ուսուցչական ասպարէզին մէջ նորերուն, որոնց մէջ միշտ կը տեսնէր դրականը:

Նոյնիսկ գրական ոլորտին մէջ աշխատողներ երկընտրանքի դիմաց գտնուելու պարագային կը դիմէին իրեն եւ կը ստանային համապատասխան գոհացուցիչ լուծում:

Օր. Յասմիկ շքեղօրէն արդիւնաւորեց իր կեանքը եւ իրեն վստահուած աւանդը, զոր սերունդներ ժպիտով պիտի յիշեն:

Յարգա՛նք վաստակիդ, օր. Յասմիկ:

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Հայերէնի Ընդմէջէն Ազգային Ու Համամարդկային Դաստիարակութիւն Ջամբողը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.