Մազութի տագնապին եւ երկրին մէջ տիրող վառելանիւթի ահաւոր սղաճին զուգահեռ, Լիբանանը հարուածող «Կրեթթա» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ յաւելեալ ուժգնութեամբ հարուածել Լիբանանը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, առատ ձիւնը պիտի շարունակէ տեղալ լեռներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ:
Այսօր գիշեր ձիւն պիտի տեղայ ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ:
Մայրաքաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւները պիտի շարունակուին, իսկ լեռնային շրջանները ենթակայ պիտի ըլլան մշուշի, իսկ ճամբաները` սառոյցի:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատաւորական անձնակազմերը կը շարունակեն մաքրել ձիւնը` վերաբանալու համար ճամբաները:
Անոնք փրկեցին շարք մը քաղաքացիներ, որոնք Թարշիշ-Զահլէ ճամբուն վրայ մնացած էին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ ու չէին կրնար իրենց տեղէն շարժիլ` սառոյցին ու առատ ձիւնին պատճառով:
Ներքին ապահովութեան ուժերու երթեւեկի գրասենեակը հաստատեց, որ Մնայթրա-Հատաս Պաալպեք, Քֆարտըպիան-Հատաս Պաալպեք, Այնաթա-Արզ, Մարժահին-Մըշմոշ, Աքուրա-Հատաս Պաալպեք, Քամմուա-Քըպէյյաթ, Թաննուրին-Հատաս Ժըպպէ, Թաննուրին-Լաքլուք, Մաասեր Շուֆ-Քեֆրայա, Թարշիշ-Զահլէ եւ Տահըր էլ Պայտարի լեռնային ճամբաները ամբողջութեամբ փակ են եւ կարելի չէ զանոնք օգտագործել:
Անոնք կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն խուսափելու լեռնային ճամբաներէն` նկատի ունենալով ճամբուն վրայ գոյացած սառոյցն ու սահանքի վտանգները:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ հաստատեց, որ կարելի չէ լեռնային շրջանները ուղղուիլ առանց ինքնաշարժի անիւներուն պողպատեայ շղթաներ անցընելու:
Ան հաստատեց, որ նախարարութեան անձնակազմերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կ՛աշխատին` օժանդակելու համար քաղաքացիներուն եւ դիւրացնելու համար անոնց երթեւեկը:


