Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Անթալիոյ մէջ քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Լաւրովն ու Պայրամովը քննարկած են Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, մասնաւորաբար հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման մեկնարկի, տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը համաձայնած են արագացուած կարգով երթալ դէպի «3+3» ձեւաչափի երկրորդ հանդիպում, ինչպէս նաեւ քննարկել ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


