Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Անգարայի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին դարձեալ խօսած են «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին եւ պնդած, թէ Հայաստանը պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահական պալատին:
Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ շուրջ 4 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պաքու յայտարարած է, թէ օրակարգին վրայ եղած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: «Ալիեւն ու Էրտողանը ընդգծած են Զանգեզուրի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը եւ այն հեռանկարները, որ անիկա կը ստեղծէ շրջանին համար, եւ այդ առնչութեամբ Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցումը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահական նստավայրը:
Ըստ հաղորդագրութեան, Ալիեւ եւ Էրտողան ընդգծած են, թէ կարեւոր է, որ Հայաստանը ամբողջովին կատարէ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ետք եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայկական եւ թրքական պատուիրակութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուքրանական ճգնաժամին:
«Անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթային ոլորտին մէջ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան, քննարկուած են Թուրքիոյ յաւելեալ կազամատակարարման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարածքով` Եւրոպային», հաղորդած է Ազրպէյճանի նախագահական պալատը` աւելցնելով` Ալիեւ եւ Էրտողան նաեւ քննարկած են Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակաշարի կառուցման հարցը, որուն համար Ազրպէյճանի պիւտճէին մէջ միջոցներ նախատեսուած են:
Ալիեւ իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրած է Պաքու: Թուականի մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:


