Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Եւ Քիեւ Չկարողացան Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

March 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հանդիպումը: Ասիկա ռուս-ուքրանական տագնապին սկիզբէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ այս մակարդակով առաջին հանդիպումն էր:

Հանդիպումի աւարտին երկու նախարարները անջատ մամլոյ ասուլիսներ տուին:

Քուլեպա յայտնեց. «Լաւրովի հետ ժողովը դիւրին էր եւ միեւնոյն ժամանակ դժուար: Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն ամբողջ ջանքս թափեցի Ուքրանիոյ մէջ աղէտին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու համար»:  Սակայն ան աւելցուց, որ կարելի չէ եղած զինադադարի մասին համաձայնութիւն գոյացնել:

«Լաւրովի հետ քննարկեցի մարդասիրական անվտանգ միջանցքներու ապահովման հարցը: Այստեղ եկայ Մարիուփոլէն եւ դէպի Մարիուփոլ մարդասիրական միջանցք բանալու աշխատանք տանելու համար, սակայն ռուս պաշտօնակիցս ատիկա չխոստացաւ», ըսաւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Կը կարծէի, թէ Լաւրով որոշումներ տալու լիազօրութիւն ունի», ըսաւ ան:

«Լաւրովի խօսքերը ցոյց կու տան, որ Ռուսիան իր յարձակումը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ Ուքրանիան իր պահանջներուն ընդառաջէ», յայտնեց Քուլեպա:

Լաւրով իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Պիելոռուսիոյ մէջ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւնները այլընտրանք չունին: Պիելոռուսիոյ մէջ կ՛ուզենք լուրջ բանակցութիւններ ունենալ, այն պայմանով, որ արդիւնքը Ուքրանիոյ հարցին համապարփակ լուծման ծիրին մէջ ըլլայ»:

«Ուքրանական կողմին ըսինք, որ լուծումի վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկներուն պատասխանին կը սպասենք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը ըստ ծրագիրի կ՛ընթանայ»:

«Ուքրանական ուժերուն կողքին կռուող վարձկաններ գոյութիւն ունին», նշեց Լաւրով:

Ան յայտնեց, որ իր ուքրանացի պաշտօնակիցին հետ համաձայնած են մարդասիրական քայլերու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ «ուքրանացիներուն մօտ գտնուող քաղաքային պատանդներու ճակատագիրը դիւրացնելու» շուրջ: «Այսօր հիմնականին մէջ խօսած ենք մարդասիրական հարցերու մասին: Մենք բացատրեցինք, թէ մեր զինուորները ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկեն թեթեւցնելու համար ճակատագիրը քաղաքայիններուն, որոնք պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած են: Այսպէս կոչուած «կամաւորական գումարտակները», «տարածքային պաշտպանութեան ուժերը» զանոնք իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործեն», նշեց Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը կազն ու քարիւղը իբրեւ զէնք չ՛օգտագործեր, եւ չ՛ուզեր հաւատալ, որ հիւլէական պատերազմ մը կրնայ տեղի ունենալ, եւ արեւմուտքն է, որ հարցը կը մեծցնէ: «Ռուսիան երբեք ՕԹԱՆ-ի երկիրներու դէմ զինուորական ծրագիրներու մասին չէ խօսած», նշեց ան:

Նախքան այդ, Լաւրով հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Մինչ այդ, Չաւուշօղլուն նաեւ հանդիպում ունեցած էր Քուլեպայի հետ:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախապէս յայտարարած էր, որ պատրաստ է Լաւրովի հետ բովանդակային բանակցութիւններու սկսելու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախքան Լաւրով-Քուլեպա հանդիպումը յայտնած էր, որ Քիեւ միշտ կը դիմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու առաջարկներով` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այդպիսի բանակցութիւններ կազմակերպելու հոլովոյթը կը քննարկեն:

«Եկէք սպասենք արդիւնքներուն եւ հասկնանք, թէ անոնք ինչի՛ շուրջ պիտի համաձայնին», ըսած էր Փեսքով:

Նախորդը

Ռուսիան Կը Հրաժարի Եւրոպական Խորհուրդէն

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մեսսի 15 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կոլ Չնշանակեց 1-16-րդ Հանգրուանին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.