Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիսը

March 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր  Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի մամլոյ ասուլիսը:

«ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի շրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանն ու Արցախը ճգնաժամ կ՛ապրին: Վերջին երեք տարիները մեր պատմութեան մէջ դժուարագոյն տարիներն էին, մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը», նշեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Այդ ցնցումը ստեղծեց յուսահատութեան ալիք, պարտուածի հոգեբանութիւն, որ պէտք է թօթափել, ամէն գնով փակել այդ էջը եւ անցնիլ առաջ: Մեզի կը սպասեն նոյնքան դժուար, եթէ ոչ աւելի, տարիներ, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ: Այդ առումով ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը նշեց, որ այս իշխանութիւններուն վարած ապազգային քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է ու կը յանգեցնէ յաւելեալ պառակտումներու, այդ պառակտումը տեղափոխուած է սփիւռք, ինչ որ շատ ցաւալի է: Մենք պատրաստ ենք մեր բաժինը ընելու եւ յայտարարած ենք, որ անհրաժեշտութիւն է համահայկական կառոյցներուն, մեր երկու կաթողիկոսութիւններուն հետ ստեղծել այնպիսի ֆորում, որ նաեւ նպաստէ սփիւռքի ամրապնդման, հիասթափութեան մթնոլորտը ցրելուն», ըսաւ ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ թուրք-ազրպէյճանական խնդիրին:

«Թուրքիան իրականացուցած է իր երազանքներուն մէկ մասը` թափանցել Հարաւային Կովկաս: Հիմա Թուրքիոյ ախորժակը սրած է, եւ այս խորապատկերին վրայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին պէտք է մօտենալ չափազանց զգուշաւորութեամբ, որովհետեւ այդ մօտեցումները երբեք պէտք չէ խանգարեն եւ ի վնաս ըլլան մեր համահայկական շահերուն` անտեսելով հայ ժողովուրդի անժամանցելի պահանջատիրական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ ան:

Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն անհրաժեշտ կը նկատէ պայքարի նոր մօտեցումներու, նոր ձեւերու յառաջացումը. «Մենք մեր միջոցներուն արդիականացման խնդիրը ունինք, եւ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք աշխարհով մէկ»:

Այսօրուան իշխանութիւնները հանդէս չեն գար իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւոր: Ասիկա շատ ցաւալի երեւոյթ է, որովհետեւ անցեալին միշտ շեշտած ենք, որ այդ երաշխաւորութիւնը պէտք է տայ Հայաստանը: Նոյնիսկ նշած ենք, որ եթէ անկախութեան ճանաչման ընթացքը չկարենայ ամբողջականացնել Հայաստանը, պէտք է նուազագոյնը ունենայ ռազմաքաղաքական դաշինք Արցախի հետ: Այսօր իշխանութիւնները երբեմն նոյնիսկ կը խուսափին այդ հարցէն, կը խուսափին նոյնիսկ Հայ դատի հետապնդումէն` փորձելով այդ պատասխանատուութիւնը դնել միայն սփիւռքի ուսերուն», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան:

«Երբ կը խօսինք մեր շրջան Արեւմուտքի ներթափանցման մասին իբրեւ ազդակ, այդ ազդակը կը նշանակէ Թուրքիոյ աւելի ներքաշում շրջանին մէջ, ինչ որ մեզի համար մերժելի է. ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Ազրպէյճանն ալ երկակի խաղ կը խաղայ. բնական է, որ Ռուսիան չ՛ուզեր կորսնցնել Ազրպէյճանը, բայց նաեւ ակնյայտ է, որ անիկա ուղղակի կապի մէջ է Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն հետ, եւ փոխադարձաբար Ուքրանիոյ իշխանութիւնները արցախեան պատերազմի ժամանակ զինամթերք հասցուցած են Ազրպէյճան: Այս պատճառով պէտք է զգուշաւորութեամբ մօտենալ այս խնդիրին, որովհետեւ ինչ ալ ըլլայ ելքը` անպայմանօրէն պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը շրջանին վրայ», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով ներքաղաքական զարգացումներուն` ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով:

«Դուք լաւ գիտէք, որ Ընդհանուր ժողովի նախօրէին 26-27 փետրուարին համահայկական ընդգրկումով ցոյցեր տեղի ունեցան սփիւռքի մէջ: Ատիկա կապուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Սումկայիթի ջարդին եւ արցախեան գոյամարտին հետ: Ասիկա եղաւ 12 երկիրներու մէջ: Կասկած չկայ, որ այսօր իրողութիւնները քիչ մը տարբեր են, որովհետեւ պարտուողական հոգեբանութեան մէջ ինկած է մեր ժողովուրդը արցախեան պատերազմէն ետք, եւ ասիկա է մեծագոյն հարցը, որ այս իշխանութիւնները կը բանակցին, երբ պարտուած կողմ են: Այն պարագային, որ մենք ունէինք անխոցելիութեան զգացում, երբ յաղթող կողմ էինք: Այսօր այդ հոգեբանական կամուրջը պէտք է անցնինք, որ վերականգնենք մեր անժամանցելի իրաւունքները», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

«34-րդ ժողովը կը մնայ մեր պատմութեան մէջ ո՛չ միայն իբրեւ Ընդհանուր ժողով, այլ նաեւ Արտակարգ ժողով, որովհետեւ կը գումարուէր աննախադէպ սրուած եւ լարուած իրավիճակի մը մէջ. իր խօսքին մէջ», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

«Հայաստանին եւ հայութեան սպառնացող վտանգները այն աստիճանի ծանր են եւ ծաւալը այնքան մեծցած է, որ այստեղ իսկապէս խօսքը մեր լինելիութեան հետ կապուած հարցերու առումով մեր գործողութիւններու մասին է», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը, իր առաքելութեան համապատասխան, ըլլալով այն բաց շիշը զգացող կուսակցութիւնը, թէ ուրկէ՛ կու գան մեր հիմնական վտանգները, յստակ կ՛արձանագրէ, որ իրականութեան մէջ մենք կանգնած ենք շատ օրհասական խնդիրներու լուծման հրամայականի առջեւ:

«Մենք ունինք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին լրջագոյն վտանգներ», ըսաւ ան, եւ, բնականաբար, խնդիր ունինք թոյլ չտալու, առնուազն կասեցնելու այնպիսի զիջումները, որոնք կենսական նշանակութիւն կ՛ունենան մեր ապագային համար:

«Զիջումներու «կարմիր գիծերը» չարձանագրելու պարագային մենք իսկապէս Արցախը եւ Հայաստանը կորսնցնելու վտանգին առջեւ ենք. ասիկա չափազանցութիւն չէ, ասիկա իրական վիճակի վերլուծութիւն է», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

«Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի ցանկութիւնը Արցախն է առանց հայերու, եւ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ արցախահայութիւնը, անելանելիութեան մէջ յայտնուելով, այդ տարածքները լքէ. լարուածութիւնը անոր դրսեւորումն է, եւ ասիկա պէտք է ահազանգ հանդիսանայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

«Բայց ես այսօր կը լսեմ վարչապետի խօսքերը, որ խնդիրին կ՛անդրադառնայ հպանցիկ, կ՛ըսէ` չեմ ուզեր գնահատական տալ: Այսինքն, ինչո՞ւ պիտի չգնահատուի, ինչո՞ւ ահազանգ պիտի չհնչեցուի, ինչո՞ւ պիտի չըսուի, որ անոր դէմ դնելու համար ամէն ինչի պատրաստ են: Այսինքն, այս կրաւորական պահուածքը, յանուն խաղաղութեան ամէն ինչ զիջելու պատրաստակամութիւնը պիտի հասցնէ անոր, որ մենք ըլլալ-չըլլալու խնդիրի առջեւ պիտի յայտնուինք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Անոր համար ակնյայտ է, որ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որ ռուս-ուքրանական պատերազմի արդիւնքներէն ստանայ առաւելագոյնը:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ այսօր հիմնական ուժը, որ այստեղ կ՛ապահովէ խաղաղութիւն` ռուսական խաղաղապահ ուժերն են:

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ուքրանիոյ Համար 13,6 Միլիառ Տոլարի Օգնութիւն Հաստատեց Եւ Ռուսիայէն Ուժանիւթի Ներածման Արգելքին Թեր Քուէարկեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.