Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

March 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ յայտնեց, թէ հանդիպումը լաւ էր ու մտերմիկ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին վերաբերող հարցեր:

Պու Հապիպի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտ. քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցիները ներխուժում եւ բռնագրաւում դիմագրաւած են, հետեւաբար մեր որդեգրած կեցուածքը սկզբունքային էր` Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ գործուած ներխուժումին իմաստով:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ որոշ շահեր ու նպատակներ իրականացնելու համար պատերազմի սանձազերծումը մերժելի է: «Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը պետական կեցուածք է, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ինծի հետ եւ շնորհաւորեց զիս` որդեգրած կեցուածքիս համար, իսկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաղորդագրութիւնը չորդեգրելու քայլ մը չառաւ, իսկ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար իմ դերակատարութիւնս պիտի ըլլայ որդեգրուած վերջնական կեցուածքը ներկայացնել», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մասին ներքին լիբանանեան երկփեղկումը նախատեսուած էր, եւ ինք չէ զարմացած այդ կեցուածքներով:

«Լիբանանի պէս ժողովրդավարական երկրի մը համար անիկա բնական է, հետեւաբար Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կրնան դէմ արտայայտուիլ հաղորդագրութեան, իսկ մեր պարտականութիւնն է որդեգրել այն կեցուածքը, որ կը համապատասխանէ Լիբանանի սկզբունքներուն եւ երկրին գերագոյն շահերուն», շեշտեց ան:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը չի նշանակեր, որ Լիբանան Ռուսիոյ դէմ թշնամանք կ՛արտայայտէ, ընդհակառակն` Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ Մոսկուայի հետ փոխադարձ շահերուն:

 

 

Նախորդը

Տել Քոլ Հրամանատարի Պաշտօնը Յանձնեց Արոլպօ Լազարոյի

Յաջորդը

Վրոնեցքա. «Լիբանանի Մասին Տեղեկագիր Մը Պիտի Ներկայացնեմ Ապահովութեան Խորհուրդի 17 Մարտի Նիստին»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.