Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տել Քոլ Հրամանատարի Պաշտօնը Յանձնեց Արոլպօ Լազարոյի

March 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ իր պաշտօնը յանձնեց սպանացի հրամանատար Արոլպօ Լազարոյի:

Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:

Հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչն էր պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչը` երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին. ներկայ գտնուեցան նաեւ Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռուպիլիս Ֆերնանտեզ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տեղական հեղինակութիւններ:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զոհերուն յիշատակը, ապա ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին:

Այս առիթով Տել Քոլ յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին տիրող կայունութիւնը կարելի չէ ամուր նկատել: «Անիկա խախուտ է եւ շրջանային իրարանցումներու ենթակայ: Հակառակ այս իրավիճակին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը յանձնառու մնացին երաշխաւորելու հաղորդակցութեան միջոցներ` վերջ տալ կարենալու համար սահմանային խախտումներուն եւ արգիլել կարենալու համար ապահովական զարգացումները», ըսաւ ան:

Տել Քոլ կոչ ուղղեց խնդրոյ առարկայ կողմերուն պահպանելու սահմանային կայունութիւնը եւ չձեռնարկելու քայլերու, որոնք կրնան կասեցուած մարտական գործողութիւններուն վերսկսելու առիթ ընձեռել:

Իր կարգին, Լազարօ յայտնեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ որեւէ դէպքի պարագային ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը երկու կողմերուն հետ կապի մէջ պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի եռակողմանի նիստերը պիտի շարունակէ` համագործակցութիւնը շարունակելու եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու համար:

Լազարօ ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց հեզասահ գործակցութիւնը պիտի շարունակեն լիբանանեան բանակին հետ:

Ան բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորական եւ քաղաքացիական անձնակազմերուն աշխատանքն ու զոհողութիւնները:

Նախորդը

Հըզպալլա Կը Հերքէ Սիոնական Գոյացութեան Կողմէ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Պահեստանոցի Մը Քանդումին Լուրերը

Յաջորդը

Պու Հապիպ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.