Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Զօրակցի Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապը Քաղաքական Բանակցութիւններու Ճամբով Լուծելու Միջոցին»

February 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը նշանակումներ կատարած է` ամբողջացնելու համար Երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդին թափուր մնացած պաշտօնները, «այս իրականութիւնը նկատի ունենալով` իմ խիղճս հանգիստ է, որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը ապահովելու նպատակով բոլոր պարտաւորութիւններս կատարած եմ, իսկ եթէ ոմանք կը փափաքին այդ ընտրութիւններուն կայացումը խոչընդոտել, ապա ատիկա իրեն չի վերաբերիր», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ 1992-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած քրիստոնեայ համայնքին կեցուածքին` աւելցնելով, որ միակ իրավիճակը, որուն ընթացքին կրնան երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուիլ, սիւննի համայնքին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելն է:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ երկրին քաղաքական ուժերուն նկատմամբ ցասում կայ, եւ այդ պատճառով ալ հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ «Ո՞վ պիտի ընտրես» հարցումին համար արձանագրուած պատասխաններուն 60 առ հարիւրը «Ոչ մէկը»-ն է:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլան չէզոքացնել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի քաղաքացիական պատերազմ` աւելցնելով, որ ծովային սահմանագծումի առումով Հըզպալլա կառավարութեան վստահած է այդ աշխատանքը եւ ան կը զօրակցի այն որոշումին, որ կը գոյանայ բանակցութիւններուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան իր իրաւունքները պիտի պահէ եւ իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը օգտագործելու իրաւունքին համար պիտի պայքարի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապը քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով լուծելու միջոցին:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ. «Պէտք Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձ Ապահովուի» Շեշտեց Շարաֆէտտին

Յաջորդը

Լիբանան Կ՛որոշէ Ուքրանիոյ Մէջ Գտնուող Լիբանանցի Քաղաքացիները Համախմբել Վարշաւայի Մէջ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.