Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ. «Պէտք Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձ Ապահովուի» Շեշտեց Շարաֆէտտին

February 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտին երէկ Սուրիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ երկրագործութեան նախարար Մոհամետ Հասսան Քաթնայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի երկրագործութեան մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնն ու Լիբանանի երկրագործներուն զօրակցելու կարելիութիւնները:

Շարաֆէտտին հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ կենսոլորտի եւ վարչական հարցերու նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններն ու առնուած քայլերը Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելու նպատակով: Այս շրջագիծին մէջ քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները ապահովելու եւ Սուրիա վերադարձող քաղաքացիներուն կենցաղային պայմանները դիւրացնելու առումով:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ սուրիական կողմը ամբողջութեամբ համաձայն է սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի միջոցառումները` նկատի ունենալով, որ նախկին նախարարներ Սալեհ Ղարիպ եւ Ռամզի Մշարրաֆիէ արդէն իսկ աշխատած էին այդ ծրագիրին վրայ եւ վաւերացուցած զայն:

Իր կարգին, Մախլուֆ յայտնեց, որ Շարաֆէտտինին ներկայացուցած է սուրիական պետութեան որդեգրած միջոցառումները` դիւրացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

«Սուրիա կը փափաքի, որ իր բոլոր զաւակները վերադառնան», հաստատեց Մախլուֆ:

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Պարգեւատրուի Սկաուտական «Արժանեաց» Շքանշանով

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Զօրակցի Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապը Քաղաքական Բանակցութիւններու Ճամբով Լուծելու Միջոցին»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.