ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3145 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ իր խօսքը ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` շեշտելով, որ անոնք չեն կրնար երկրին քանդումը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին աղքատացումը շարունակել` ի հեճուկս աշխարհին կողմէ իրենց ուղղուած այն կոչերուն, որոնք աշխատանքի եւ իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու կը հրաւիրեն այդ պատասխանատուները:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին` առանց զանոնք յետաձգելու կամ երկարաձգելու:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ համացանցի վճարումին տոլարով փոխարժէքը պիտի ըլլայ 3900 լ. ոսկիի հիման վրայ, որովհետեւ այլեւս կարելի չէ 1500 լ. ոսկիի սակով աշխատիլ: Ան նշեց նաեւ, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն համար համացանցի յատուկ ծրարներ տրամադրէ:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Վատիկանը բաց է քաղաքական բոլոր ուժերուն դիմաց` աւելցնելով, որ ինք չի նախատեսեր, թէ Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան այցելութիւնը կարելի է կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ նահատակները փաստած են, թէ Լիբանանի ուժը անոր Դիմադրութեան մէջ է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանի փրկութեան վերջին լաստը կը նկատուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու` պաշտպանելու համար ժողովրդավարական առանցքը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքը թշնամիին հետ ուժերու հաւասարակշռութիւն պարտադրող միջոցներէն մէկն է միայն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ընդգծեց տուրքերու արդարութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ ընտրական մեքենայի անձնակազմին հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կրնան փոփոխութիւն պարտադրել` աւելցնելով, որ ներկայիս գնդակը ժողովուրդի դաշտին վրայ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են` աւելցնելով, որ կարգ մը երեսփոխաններ մեր ընթացքը խանգարելու նպատակով առաջադրուած են:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք Այթիթէն յայտնեց, որ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքը թշնամի Իսրայէլին յղեց խօսուն պատգամ մը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին առանց ուշացումի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ կարճ ժամանակ մը ետք Լիբանանի երկինքին մէջ իսրայէլեան խայտառակութեան վկաները պիտի դառնանք:


