Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց երկու հրամանագիրներ, որոնց հիման վրայ ան խորհրդարանէն պահանջեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծին վրայ աւելցնել արտակարգ հաշիւի դրութիւն` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հաշիւներուն վրայ` կազմակերպելու եւ կատարելու համար 15 մայիս 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ստորագրած հրամանագիրը կը ճշդէ 320 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որուն 260 միլիառ լ. ոսկին ներքին գործոց նախարարութեան է, իսկ մնացեալ 60 միլիառ լ. ոսկին արտաքին գործոց նախարարութեան` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդուած է յաւելեալ 35 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ պիտի տրամադրուի ներքին գործոց նախարարութեան` կազմակերպելու համար ընտրութիւնները:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց հաւատք չընծայելու երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տարաձայնութիւններուն:
Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմը, որուն ընկերակցեցաւ միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար հայր Միշել Ապու Թաքա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին տնտեսական, ընկերային, մարդասիրական եւ կրթական մարզերը յուզող հարցերն ու Մարոնի միաբանութեան դերակատարութիւնը` քաղաքացիներուն տառապանքը մեղմացնելու նպատակով:


