Երէկ յետմիջօրէին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր աւարտին հասաւ տղոց պասքեթպոլի Արաբական 24-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Թունուզի միջեւ:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ 2010-ին Պէյրութի մէջ հանդիսացած էր փոխախոյեան, յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դառնալ տիտղոսակիր` բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` 72-69 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ մրցումին վերջին հինգ վայրկեանին Թունուզ ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը, սակայն լիբանանցի մարզիկները պայքարելով տարին վերջնական յաղթանակը` երեք կէտի առաւելութեամբ:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (22), ապա` խմբապետ Ալի Հայտար (16) եւ Սերճիօ Տարուիշ (14):
Մրցումին աւարտին Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուի տիտղոսը յանձնեց խմբապետ Հայտարին` լիբանանցի մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան:
Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէին ժամը 15:00-ին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան:


