Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիի Նախարարներուն Կարծիքով` 2022-ի Պետական Ամավարկը Սահմանադրական Շրջագիծի Մէջ Չէ Վաւերացուած

February 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր կարգ մը լրատուամիջոցներ տեղեկացուցած էին, թէ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան բարկացած են այն իրականութեան համար, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս զինուորականներու նշանակումներ կատարուած են:

Երէկ առաւօտեան այս լուրերուն շրջանառութիւնը շարունակուեցաւ, իսկ աւելի ուշ` գրեթէ յետմիջօրէին, բացայայտուեցաւ այլ լուր մը, որուն համաձայն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէի բջիջային հեռաձայնէն անձնական տեղեկութիւններ սպրդած են:

Շիի նախարարներու շրջանակներուն վերաբերող այս լուրերը իրենց գագաթնակէտին հասան գիշերը, երբ Համիէ յայտարարեց, թէ պետական ամավարկի 10 կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ իրեն կը թուի, թէ ամավարկին վրայ աւելցած են կարգ մը կէտեր, որոնք չեն քննարկուած, եւ որոնցմէ իրենք տեղեակ չեն:

Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին 2022-ի պետական ամավարկը ամբողջութեամբ չէ քննարկուած եւ զայն վաւերացնելու համար քուէարկութիւն չէ կատարուած, «հետեւաբար մենք կը նկատենք, որ այդ ամավարկը օրինական կերպով չէ վաւերացուած», ըսաւ ան:

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա այս մասին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նախագահ Աունի կողմէ նիստը փակ յայտարարելէ ետք նախարարները դուրս եկան իրենց միտքին մէջ ունենալով մէկ հարցադրում. «Պետական ամավարկը վաւերացուցի՞նք, թէ՞ ոչ»:

Այս յայտարարութիւնները ուշ գիշերին պսակուեցան մէկ այլ յայտարարութեամբ մը, որ հնչեց «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն, երբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ պետական ամավարկի վաւերացման յատուկ կառավարութեան նիստին ընթացքին սահմանադրութեան խախտում արձանագրուած է, «եւ մեր կարծիքով` 2022-ի պետական ամավարկը սահմանադրական շրջագիծի մէջ չէ վաւերացուած», աւելցուց ան:

Վարչապետ Միքաթի Մեկնարկը Կատարեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Վերակառուցման Առաջին Ծրագիրին  

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց Պէյրութի նաւահանգիստի վերանորոգման առաջին ծրագիրին մեկնարկը կատարելու հանդիսութիւնը:

Ներկայ էին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ, Միջազգային դրամատան Արեւելքի բաժինի տնօրէն Սարուժ

Քումարճահ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Ժսըր, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքիէ եւ մեծ թիւով դեսպաններ, ընդհանուր տնօրէններ եւ երկրաչափներ:

Միքաթի յայտնեց, որ 2020-ին Պէյրութի միջազգային նաւահանգիստին պայթումը Լիբանանի պատմութեան մէջ ցաւոտ էջ մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոր հետքերն ու հետեւանքները երկար ատեն պիտի մնան:

Վարչապետը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին վերանորոգումը եւ անոր վրայ գտնուող պատերազմի փոշին թօթափելը կը մնան ազգային տնտեսական առաջնահերթութիւններ:

«Այսօր մենք մեկնարկը կը կատարենք նաւահանգիստի վերակառուցման առաջին ծրագիրին, եւ իբրեւ այդպիսին` կը գտնուինք նաւահանգիստներու մարզին վերաբերող նոր օրէնքի մը պատրաստութեան առջեւ», յայտնեց ան` մաղթելով, որ անիկա կրնայ Պէյրութի նաւահանգիստին համար ալ ներդրումներ ապահովել:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Պէյրութի նաւահանգիստը մնայ Լիբանանի ազգային փարոսը եւ առաջին դարպասը` լիբանանեան մնացեալ բոլոր նաւահանգիստներուն հետ գործակցաբար:

Նախորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Մերժեց Պետական Ամավարկի Վաւերացման Ձեւը

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներուն Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Դեսպան Թրէյսին Ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու Աջակցութիւնը Հայաստանի Ժողովրդավարական Ուղիին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.