Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը պատասխանատուներ, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր իրավիճակն ու կարգ մը նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որ յայտնեց, թէ Մարոնիներու լիկան Պետական շուրային դիմած է` պահանջելով վիճարկել աշխատանքի նախարարին այն որոշումը, որ կը վերաբերի միայն լիբանանցիներուն յատուկ աշխատանքները այլոց կողմէ կատարուելու կարելիութիւն ստեղծելուն:
Նախագահ Աուն ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց բանակին կարիքները, բանակայիններուն իրաւունքները, յատկապէս` ընկերային օժանդակութիւններուն առումով:
Քննարկուեցան նաեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր, ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի կատարելիք այցելութեան լոյսին տակ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ. հանրապետութեան նախագահը վերջինէս իմացաւ ելեկտրականութեան ծրագիրին վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ այդ մասին նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ընթացքին արձանագրուած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Ֆայեատ նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է Կեդրոնական դրամատան հետ կատարուած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները` ֆինանսաւորելու համար ելեկտրական հոսանքն ու կազը Եգիպտոսէն ու Յորդանանէն Սուրիոյ վրայով Լիբանան փոխադրութիւնը:


