Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նկարիչ Արամ Յովհաննէսեանի Կորուստը

February 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Շատ լուռ, ինքնամփոփ եւ հանդարտ երիտասարդ մըն էր Արամ Յովհաննէսեանը: Զինք ճանչցած եմ 1970-ականներու սկիզբը, երբ պատահաբար մեր ընկերներէն մէկը մեզի յայտնեց Արամի նկարչական մեծ պաստառին մասին եւ մեզ տարաւ անոր մօտ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատէր Արամը` սեւամորթ նշանաւոր երգիչի մը մեծ կերպարը նկարելով  պաստառի վրայ:

Առաջին տպաւորութիւնը գերեց մեզ: Հրաշալի էր երգիչին կերպարը` դեղին եւ նարնջագոյն երանգներով, թէեւ վերարտադրութիւն էր աշխատանքը, ինչպէս հետագային իմացանք:

Յաջորդ տասնամեակներուն տեղեկացած էի, որ բացառիկ նորարական կօշիկներու նախագիծներու հեղինակ է եւ շատ փնտռուած վարպետ: Կօշիկներու տեսակներու եւ գեղեցիկ լուծումներու ամբողջ շարքի մը հեղինակ եղած  է եւ շատ մը ընկերութիւններու վաճառած կօշիկներու նոր ձեւաւորումները իր աշխատանքին արդիւնքը եղած են:

Գիտէի, որ չէր լքած նկարելը,  սակայն որեւէ աշխատանքի մասին տեղեակ չէի:

Եւ եղաւ չսպասուածը. շատ արագ հիւանդացաւ ու կարճ ժամանակի ընթացքին մահացաւ Արամը:

Դժբախտաբար միայն Արամի մահէն ետք ինծի համար բացուեցաւ նկարիչին ներաշխարհը,  երբ առիթ ունեցայ տեսնելու իր բնակարանը…

Դուրսէն բոլորովին անհրապոյր տեսք ունեցող իր հօրենական տան երկրորդ յարկը բոլորովին այլ տեսք ունէր ներսէն: Հոս ամէն բան մտածուած, գեղեցկօրէն ձեւաւորուած եւ արուեստի դրոշմ ունէր: Ուրիշ աշխարհ էր` Արամի կնիքը կրող. մտածուած, գեղեցիկ եւ գործնական լուծումներ տրուած են լուսաւորումին, կահ-կարասիին եւ իր ձեռային ու նկարչական աշխատանքներով  զարդարուած է բնակարանը: Գրաւիչ բնակարան մը` արուեստով լեցուած:

Հոս տեսայ նաեւ իր կոթողային աշխատանքը, որ Վերածնունդի շրջանէն սրբանկարի մը վերարտադրութիւնն է: Հրաշալի աշխատանք մը, որ ցոյց կու տայ Արամի օժտուած ըլլալու իրողութիւնը` որպէս նկարիչի:

Արամի քոյրը` Սիլվան, յուզումով ցոյց կու տայ եղբօր տարբեր աշխատանքները, որոնք իւրայատուկ են եւ տպաւորիչ:

Եւ երեւակայել, որ այս բոլորը` առանց մասնագիտական կրթութեան…

Արուեստի ուժին, գեղեցկութեան եւ ինքնաշխատութեան հաւատացող նկարիչը ոչ եւս է: Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինք, պիտի փնտռեն այդ լուռ եւ ինքնամփոփ տղան…

24 յունուար 2022                
Մուսա լեռ – Այնճար

Նախորդը

Ընկերային Ծառայողներու Կորիզի Կազմութիւն Եւ Քննարկում Հաւաքական Աշխատելաձեւի

Յաջորդը

Ի Պատասխան «Ազդակ»-ի Ճամբով Ներկայացուած Առաջարկին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.