Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

January 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նամակներ

Սիրելի հերոսի՛ ընտանիք,

Լիբանանահայ աշակերտուհի մըն եմ, որ կը յաճախէ հայկական դպրոց: Միշտ կը հետեւիմ Հայաստանի ու Արցախի լուրերուն եւ կ’ուզեմ գիտնաք, որ ձեզի նման կը ցաւիմ ձեր կորուստին համար: Կը ցաւիմ, որ ոչ մէկ բարիք կրնամ ընել օգնելու համար ձեզի: Այս նամակը ձեւ մըն է բաժնեկցելու զգացումներս եւ ձեւով մը հանգչեցնելու ձեզ, որպէսզի գիտնաք, թէ սփիւռքահայերը կը հասկնան ձեր ցաւը:

Կ’ուզեմ գիտնաք, որ մենք հոս` Լիբանանի մէջ միշտ կը փորձենք ամէն միջոցով օգտակար դառնալ ձեզի: Ամէն անգամ, երբ կը լսեմ, որ ազրպէյճանական բանակը կրկին կը փորձէ Արցախը եւ ժողովուրդը դժուարութիւններու ու վտանգներու մէջ դնել, կը մտածեմ, թէ ի՞նչ միջոցով օգտակար կրնամ դառնալ:

Հայ զինուորը քաջ ու խիզախ զինուոր մըն է, հայրենասէր եւ միշտ պատրաստ` նահատակուելու հայրենիքին համար: Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ բոլոր այն զինուորները, որոնք նահատակուեցան, սուրբ են հայ ժողովուրդին համար: Ինչպէս որ կ’ըսեն, «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Անշուշտ կը ցաւինք, երբ գիտնանք, որ զինուոր մը չէ միացած իր ընտանիքին, նահատակութեան կամ գերավարութեան պատճառով:

Ո՛վ հայ ընտանիք, զօրաւոր ու կայտառ եղէք, որովհետեւ մեր զինուորները հպարտանալով նահատակուեցան, գիտնալով, որ հայրենիքին համար զոհուեցան:

Կը հմայուիմ, որ հայերս, ինչպէս դուք, այսպէս ընտանիքներ ունիք, որ պատերազմի ժամանակ թէ՛ մեծով, թէ՛ պզտիկով, արու կամ էգ, կ’անցնիք գործի` ուտեստեղէն, հագուստեղէն ապահովելով եւ կամ ճակատամարտի վայր ներկայանալով` օգտակար դառնալու համար հայրենիքի փրկութեան գործին:

Գիտցէք, որ լիբանանահայ աշակերտներս միշտ կը սորվինք հայոց պատմութիւնը եւ ներկայիս պատահած դէպքերը ու միշտ պատրաստ ենք նեցուկ կանգնելու հայ զինուորին, ծնողքին ու անոր ընտանիքին:

Համբերութեան մաղթանքով`
ՔԱՄԻ ԱՐԱՊԵԱՆ

Սիրելի՛ մայրեր,

Փա՛ռք Հայ Զինուորին

Ով հայ զինուոր, դարձար հայոց պաշտպան,
Վրադ կրելով զէնք ու Աւետարան:
Առիւծի նման խուժեցիր սարէ սար,
Ու թշնամիին ըրիր գետնի հաւասար:
Հայ զինուոր զէնքով լսել տուիր մեր զուլումը ոխերիմ,
Ափսո՜ս, դրացին մնաց լուռ ու ժպտագին:
Հայ զինուոր հաւատարիմ մնայ երկաթէ շերեփին,
Որովհետեւ շուն ազերին դեռ չի գիտեր ուժը մեր բանակին:
Փա՛ռք քեզ, ո՛վ հայ զինուոր,
Որ զէնք ու զրահ կրեցիր կամաւոր:
Երբ թշնամին ետ քաշուեցաւ սարսափած,
Դրօշդ պարզեցիր վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց:
Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ով հայոց քաջեր,
Որ փրկեցիք ու պահեցիք մեր սուրբ հողեր:
Թող որ յաւերժ ապրի ձեր սուրբ անուն,
Ու պիտի մնաք մեր սրտերուն մէջ մնայուն:
Մխիթարուեցէ՛ք, ո՛վ հայոց քաջեր,
Քանզի դուք տուիք սուրբ քաջեր:
Անոնք պիտի յիշուին դարէ դար`
Մնալով արեւուն նման պայծառ:

ՀՐԱԿ-ԱՆԴՕ ՍՐԿ. ԳՐՏԱՆԵԱՆ

Ծնողք արցախեան հերոս մարտիկի,

Նախ կու գանք մեր խորին ցաւակցութիւնը յայտնելու ձեզի, ապա կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ձեզի մխիթարութիւն եւ համբերութիւն տայ ձեր կորուստներուն համար: Ձեր զաւակները մեր հեռաւոր եղբայրներն են եւ միշտ մեր աղօթքներուն մէջն են, ձեր ցաւերը մեր ցաւերն են, ձեր վշտերը մեր վշտերն են, ձեր կորուստները` մեր կորուստները: Սփոփանքի որեւէ խօսք չի մխիթարեր ձեր այրած սրտերը, բայց իմացէք, որ ձեր զաւակները չմեռան, այլ` անմահացան մեր սրտերուն մէջ եւ օրինակ դարձան հայրենասիրութեան:

Անոնք մէյ մէկ կոթողներն են մեր ազգին` իրենց հերոսութեամբ: Անոնք օրինակ դարձան գալիք սերունդներուն եւ մեզի: Անոնք Չաւուշներ են, Մոնթէներ եւ անմահացած հերոսներ են:

Եղէք ուրախ, եղէք հպարտ, հա՛յ մայրեր, ձեր հերոսներուն համար արցունք մի՛ թափէք, այլ աղօթեցէ՛ք: Աստուած ձեզ զօրավիգ կանգնի եւ մխիթարէ: Մենք ալ ձեր մէյ մէկ զաւակներն ենք, երբ որ ուզէք, բաժնեկցեցէք ձեր վիշտերը եւ ձեր ուրախութիւնը մեզի հետ. Մենք միշտ պատրաստ ենք ձեզ լսելու եւ ձեր կողքին կանգնելու:

Ձեր դուստրը`
ՓԱԹԻԼ ԱԳՊԱՇԱՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Արթնացէք Համասփիւռ Հայեր

Յաջորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.