Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրելու Հրամանագիրը Հարց Չունի Եւ Երկրին Ապահովական Կացութիւնը Շատ Լաւ Է»

January 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երէկ ապահովական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը:

Մաուլաուի ցաւ յայտնեց նախանցեալ գիշեր պատահած ցաւալի դէպքերուն համար` աւելցնելով, որ նման վարուելակերպով` պետական հաստատութիւններ քանդելով կարելի չէ երաշխաւորել քաղաքացիներուն պահանջները:

Մաուլաուի հաստատեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը շատ լաւ վիճակի մէջ է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ապահովական կառոյցներուն, որոնք ապահովեցին քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու բողոքի ցոյց կատարելու ազատութիւնը:

Մաուլաուի նկատել տուաւ նաեւ, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները` աւելցնելով, որ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու հրամանագիրը հարց չունի, հետեւաբար նախարարութիւնը այդ նախապատրաստութիւնները կը կատարէ օրէնքին համաձայն եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ:

Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք քաղաքապետական ընտրութիւններուն հարցը պիտի արծարծէ կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ` յարմար որոշում մը կայացնելու նպատակով:

Երկխօսութեան Նիստին Կայացումը Խանգարողները Պատասխանատու Են Ժողովուրդին Կորսնցուցած Գումարներուն Եւ Պետութեան Կորսնցուցած Պաշարներուն

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահին կողմէ ուղղուած երկխօսութեան հրաւէրին լոյսին տակ նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկխօսութիւնը խանգարող կողմերը պատասխանատու են ժողովուրդին կորսնցուցած գումարներուն եւ պետութեան կորսնցուցած պաշարներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկխօսութեան նիստի մը հրաւիրելու նախօրեակին կատարուած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին յստակ դարձած է, թէ կարգ մը ուժեր կը մերժեն երկխօսութիւնը, եւ այդ կեցուածքը զանոնք պատասխանատու կը դարձնէ կառավարութեան, դատական իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանին աշխատանքներուն սառեցումին:

«Երկխօսութեան հրաւէրը բաց պիտի մնայ, որպէզի զայն պոյքոթի ենթարկողներուն ազգային գիտակցութեան զգացողութիւնը յաղթէ, եւ անոնք նախընտրեն հաւաքական շահեր ապահովելու մասին մտածել, ապա կարենան իրարու քով գալ եւ երկրին ապագան որոշել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ կառավարութեան աշխատանքներուն սառեցումը դիտմամբ կատարուած է` տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը ձախողցնելու, եւ առանց ապաքինման չկան բանակցութիւններ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ: «Հետեւաբար չկան օժանդակութիւններ եւ բարեկարգումներ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Կը նշուի նաեւ, որ նախագահ Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջեցին երկխօսութեան հրաւէրին եւ առանց վարանելու համաձայնութիւն յայտնեցին` փրկելու երկրին կացութիւնը:

Նախագահական Պալատի Այցելուները

Նշենք, որ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան յստակ զօրակցութիւն շօշափած է:

Ան նշեց, որ ամերիկացիները եգիպտական իշխանութիւններուն յայտնած են, թէ Լիբանան կրնայ օգտուիլ եգիպտական կազէն` հաստատելով, որ ան «Սիզըր» պատժամիջոցներէն բացառուած է:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ նաեւ, որ ամերիկացի պատասխանատուները կը քաջալերեն Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումը` հաստատելով, որ ամերիկացի պատուիրակ Ամոս Հոքշթայն քանի մը օրէն պիտի այցելէ Լիբանան եւ պիտի վերստանձնէ իր ճիգերը` վերսկսելու համար անուղղակի բանակցութիւնները:

 

Նախորդը

Ցասումի Լիբանանեան Տարբերակ Մը, Որ Համազօր Է Տնտեսական Ահաւոր Տագնապին Նկատմամբ Արձանագրուած Ժողովրդային Լռութեան

Յաջորդը

«Հայաստան Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Համար Պէտք Է 4 Նախապայման Կատարէ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախկին Փոխնախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.