Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէի նախագահ Հասան Քորքմազճան յայտարարած է, որ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու համար պէտք է 4 հիմնական պահանջ բաւարարէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:
Ըստ Քորքմազճանի, այդ նախապայմանները հետեւեալներն են.
1.- Հայաստանը պէտք է անյապաղ կատարէ 9 (10) նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
2.- Հայաստանը եւ Թուրքիան պէտք է փոխադարձաբար յարգեն գերիշխանութիւններն ու տարածքային ամբողջականութիւնները եւ յայտարարեն խաղաղութեան մէջ ապրելու մասին:
3.- Հայաստանը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Փերինչեք-Զուիցերիա որոշումին հիման վրայ պէտք է հրաժարի «Ցեղասպանութեան սուտէն»:
4.- Երկու երկիրներու մէջ պէտք չէ տեղ ըլլայ թշնամութեան: Այդ ծիրին մէջ, Հայաստանի Շիրակ մարզին մէջ Թալէաթ փաշան եւ ամբողջ թուրք ազգը նուաստացնող արձանը պէտք է անմիջապէս վերցուի: