– Պատմութիւն Քոլերայի
– FDA Յայտնեց, Որ Տնային «Քորոնա»-ի Արագ Քննութիւնները Այնքան Ալ Զգայուն Չեն «Օմիքրոն»-ի Նկատմամբ
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Պատմութիւն Քոլերայի
Հակառակ որ դարեր շարունակ քոլերան գոյութիւն ունի, սակայն հիւանդութիւնը յայտնի դարձաւ 19-րդ դարուն, երբ Հնդկաստանի մէջ մահացու վարակ մը դարձաւ ան: Այդ ժամանակէն ի վեր եղած են բազմաթիւ բռնկումներ եւ քոլերայի եօթը համաշխարհային համաճարակներ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով, ամէն տարի քոլերայով կը վարակուի 1,3-4 միլիոն մարդ ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ անոր պատճառով կը մահանայ 21.000-143.000 մարդ:
Ի՞նչ է քոլերան
Քոլերան վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ Vibrio cholerae կոչուող պաքթերիայէն: Պաքթերիաները սովորաբար կ՛ապրին փոքր, աղի եւ տաք ջուրերուն մէջ, ինչպիսիք են գետաբերանները եւ ափամերձ տարածքներու երկայնքով գտնուող ջուրերը: Մարդիկ V. cholerae-ով կը վարակուին հեղուկներ խմելէ կամ պաքթերիայով վարակուած մթերքներ ուտելէ ետք, ինչպիսիք են հում կամ թերի ձեւով եփուած խեցեմորթները (shellfish):
Քոլերայի պաքթերիաներու հարիւրաւոր տարբերակներ եւ ենթախումբեր կան: Այդ ենթախումբերէն O1 եւ O139-ը տարբերակներն են, որոնք կը յառաջացնեն բռնկումներ եւ համաճարակներ:
Այս տարբերակները կ՛արտադրեն քոլերայի թոյնը, որ կը պատճառէ աղիքներու լորձնաթաղանթի բջիջներէն մեծ քանակութեամբ ջուրի արձակում, եւ այս մէկը կը յանգի փորհարութեան եւ հեղուկներու ու աղերու արագ եւ սուր կորուստի: Ըստ Ալերժիի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկի տուեալներուն, փորհարութեան մէկ շրջանը(1) կրնայ շրջակայ միջավայրին մէջ պաքթերիաներուն թիւի մէկ միլիոնապատիկ աճ յառաջացնել:
Քոլերայի ախտանիշները
Մարդոց մօտ 80 տոկոսը, որ կը վարակուի պաքթերիայով, քոլերայի ախտանիշներ չի ցուցաբերեր, եւ վարակը ինքնին կը վերանայ: Իսկ քոլերայով հիւանդ մարդոց 20 տոկոսին մօտ ի յայտ կու գան ծանր ախտանիշներ, որոնք կը ներառեն ծանր փորհարութիւն, փսխում եւ ոտքերու ցաւեր: Այս ախտանշանները կրնան յանգիլ ջրազրկման (dehydration), կաթուածի եւ նոյնիսկ մահուան` ընդամէնը քանի մը ժամուան ընթացքին:
Այսօր քոլերան կը բուժուի հեղուկի փոխարինման եւ հակապիոթիքներու միջոցով, ինչպէս` Doxycycline-ը, Ciprofloxacin-ը եւ Azithromycin-ը: Ըստ ԱՀԿ-ի, քոլերայի դէմ պատուաստանիւթերը հասանելի են, թէեւ անոնք կը յառաջացնեն մօտաւորապէս միայն 65 տոկոս դիմադրողականութիւն:
Քոլերային ծագումը
Յստակ չէ, թէ ճշգրտօրէն ե՛րբ քոլերան առաջին անգամ ազդած է մարդոց վրայ:
Կանուխ գրութիւններ Հնդկաստանէն (Սուշրութա Սամհիթայի կողմէ, ՔԱ 5-րդ դար) եւ Յունաստանէն (Հիպոկրատ, 4-րդ դար ՔԱ եւ Արետէոս Կապադովկացի, առաջին դար) կը նկարագրեն քոլերայի նման հիւանդութիւններու առանձին դէպքեր:
Քոլերայի համաճարակի առաջին մանրամասն պատմութիւններէն մէկը կու գայ Գասպար Քորէայէն` փորթուգալցի պատմաբան եւ «Առասպելական Հնդկաստան»-ի հռչակաւոր հեղինակէն, որ նկարագրած է հիւանդութեան մը բռնկումը 1543թ. Գանգէսի տելթային մէջ, որ կը գտնուէր Պանկլատէշի եւ Հնդկաստանի հարաւային շրջանը` Ասիոյ տարածքին: Տեղի բնակիչները հիւանդութիւնը անուանեցին «մորիքսի» (moryxy) եւ, ըստ տեղեկութիւններու, այդ հիւանդութիւնն իր զոհերը սպաննեց ախտանիշներու զարգացումէն ետք 8 ժամուան ընթացքին, եւ մահացութեան մակարդակն այնքան բարձր էր, որ տեղացիները կը պայքարէին բոլոր մահացածները թաղելու համար:
Փորթուգալցի, հոլանտացի, ֆրանսացի եւ բրիտանացի դիտորդներու կողմէ Հնդկաստանի արեւմտեան ափի երկայնքով քոլերայի պարագաներու հաստատումներու մասին բազմաթիւ հաղորդումներ տրուեցան յաջորդող դարերու ընթացքին:
Քոլերայի առաջին համաճարակը
Քոլերայի առաջին համաճարակը ի յայտ եկաւ Գանգէսի տելթայի մէջ ու հասաւ մինչեւ Հնդկաստանի Ժեսոր քաղաք` 1817 թուականին: Համաճարակին պատճառը սոյն պաքթերիայով աղտոտուած բրինձն էր: Հիւանդութիւնը արագ տարածուեցաւ Հնդկաստանի այսօրուան Միանմարի եւ Սրի Լանքայի մէջ` անցնելով եւրոպացիներու կողմէ հաստատուած առեւտրային ճամբաներէն:
1820 թուականին քոլերան տարածուած էր Թայլանտի, Ինտոնեզիոյ (միայն Ժաւա կղզիին մէջ պաքթերիան սպաննած էր 100.000 մարդ) եւ Ֆիլիփինի մէջ: Թայլանտէն եւ Ինտոնեզիայէն նաւերու վրայ վարակուած մարդոց միջոցով հիւանդութիւնը հասաւ Չինաստան 1820 թուականին եւ Ճափոն` 1822 թուականին:
Քոլերան տարածուեցաւ նաեւ Ասիոյ սահմաններէն դուրս: 1821 թուականին Հնդկաստանէն Օման մեկնող բրիտանական զօրքերը քոլերան բերին Պարսից ծոց: Հիւանդութիւնը ի վերջոյ մուտք գործեց եւրոպական տարածք` հասնելով ժամանակակից Թուրքիա, ինչպէս նաեւ` Սուրիա եւ հարաւային Ռուսիա:
Համաճարակը վերջ գտաւ իր սկսելէն 6 տարի ետք, հաւանաբար` 1823-1824 թուականներու սաստիկ ձմրան շնորհիւ, որ կրնար սպաննել ջուրի պաշարներուն մէջ ապրող պաքթերիաները:
Քոլերայի վարակը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ
Քոլերայի երկրորդ համաճարակը սկսաւ մօտ 1829 թուականին:
Կ՛ենթադրուի, որ առաջինին նման երկրորդ համաճարակ մը յառաջացած է Հնդկաստանի մէջ եւ տարածուած` առեւտրային ու ռազմական ճանապարհներով դէպի արեւելեան ու կեդրոնական Ասիա եւ Միջին Արեւելք:
1830 թուականի աշնան քոլերան հասաւ Մոսկուա: Հիւանդութեան տարածումը ժամանակաւորապէս թեթեւցաւ ձմրան, բայց 1831-ի գարնան կրկին սկսաւ` հասնելով Ֆինլանտա եւ Լեհաստան: Այնուհետեւ անցաւ Հունգարիա եւ Գերմանիա:
Հիւանդութիւնը հետագային տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, այդ կարգին` առաջին անգամ հասնելով Մեծն Բրիտանիա, 1831-ի վերջը, Սանտըրլանտ նաւահանգիստ եւ 1832-ի գարնան` Լոնտոն: Բրիտանիան ձեռնարկեց քանի մը գործողութիւններու` հիւանդութեան տարածումը զսպելու համար: Անոնք գործադրեցին արգելափակման (quarantine) դրութիւն եւ հիմնեցին տեղական առողջապահութեան խորհուրդներ:
Սակայն հասարակութիւնը համատարած վախով եւ հեղինակաւոր գործիչներու հանդէպ կասկածանքով կը հակազդէր հիւանդութեան, ամենաշատը` բժիշկներու նկատմամբ: Մամուլի անհաւասարակշիռ հաղորդագրութիւնները մարդոց ստիպեցին մտածել, որ մարդիկ աւելի կը մահանան հիւանդանոցի մէջ, քան` իրենց տուներուն: Հասարակութիւնը սկսաւ հաւատալ, որ հիւանդանոց տեղափոխուած տուժածներուն բժիշկները սպաննած են մարդակազմական քննութիւններու համար, եւ այդ մէկը անուանած են «Խողխողում» (Burking): Այս վախը յանգեցաւ քանի մը «քոլերայի անհնազանդութիւններու» (cholera riots), Լիվըրփուլի մէջ:
1832 թուականին քոլերան հասած էր նաեւ Ամերիկա: Այդ տարուան յունիսին Քեպեքի մէջ տեղի ունեցաւ 1000 մահուան պարագայ` հիւանդութեան պատճառով: Վարակը արագօրէն տարածուեցաւ Ս. Լորենս գետի եւ անոր վտակներուն երկայնքով:
Մօտաւորապէս նոյն ատեն քոլերան հասաւ Միացեալ Նահանգներ` յայտնուելով Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին տարածուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ: Ի վերջոյ հասաւ Լատին Ամերիկա, ինչպէս նաեւ` Մեքսիքա եւ Քուպա, 1833 թուականին:
Համաճարակը վերջ կը գտնէր եւ դարձեալ կը վերապրէր բազմաթիւ երկիրներու մէջ մօտ երկու տասնամեակ:
Համաճարակները հանդարտեցան 1851 թուականին:
Գիտնականները ինչպէ՞ս ուսումնասիրած են քոլերան
1852-էն 1923 թուականներուն աշխարհի մէջ տեղի ունեցան եւս չորս քոլերայի համաճարակներ:
Երրորդ համաճարակը, որ կ՛երկարէր 1852-1859 թուականներ, ամենամահաբերն էր: Ան աւերեց` Ասիան, Եւրոպան, Հիւսիսային Ամերիկան եւ Ափրիկէն 1854 թուականին, որ քոլերայի ամենավատ տարին էր. միայն Բրիտանիոյ մէջ սպաննեց 23.000 մարդ:

Այդ տարի բրիտանացի բժիշկ Ճոն Սնօու, որ կը համարուէր ժամանակակից համաճարակաբանութեան հայրերէն մէկը, ուշադրութեամբ քարտէսագրեց քոլերայի դէպքերը Լոնտոնի Սոհօ շրջանին մէջ, այնուհետեւ բացայայտելով այդ տարածքին մէջ հիւանդութեան աղբիւրը` աղտոտած ջուրը, հանրային ջրհորի մը ջրհանէն (pump):

Ան համոզեց պաշտօնեաները ջրհանին բռնակը անմիջապէս վերցնել` քոլերայի պարագաները տարածքին մէջ կանխելու համար:
Չորրորդ եւ հինգերորդ քոլերայի համաճարակները, որոնք տեղի ունեցած են յաջորդաբար 1863-1875 եւ 1881-1896 թուականներուն, ընդհանուր առմամբ աւելի թեթեւ եղած են, քան` նախորդ համաճարակները, բայց ունեցած են նաեւ մահացու բռնկումներու իրենց չափաբաժինը: Օրինակ, 1872-1873 թուականներուն Հունգարիոյ մէջ քոլերայէն մահացաւ 190.000 մարդ: Իսկ Համպուրկը կորսնցուց իր բնակչութեան գրեթէ 1,5 տոկոսը 1892 թուականին քոլերայի պատճառով:
1883 թուականին գերմանացի մանրէաբան Ռոպերթ Քոխ` ժամանակակից մանրէաբանութեան հիմնադիրը, ուսումնասիրեց քոլերան Եգիպտոսի եւ Կալկաթայի մէջ: Ան մշակած է քանի մը թեքնիք` նկարագրելու եւ ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս V. cholerae պաքթերիաներու գոյութիւնը աղիքներուն մէջ քոլերա կը յառաջացնէ:
Այնուամենայնիւ, իտալացի մանրէաբան Ֆիլիփօ Փաչինի խորքին մէջ քոլերա պաքթերիայի ինքնութիւնը հաստատած էր` զայն անուանելով cholerigenic vibrios, 1854 թուականին թէեւ այս փաստը չէր տարածուած (եւ հաւանաբար Քոխ չէր գիտեր):
Հինգերորդ համաճարակի ժամանակ Մեծն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները համեմատաբար ապահով էին ջրամատակարարման բարելաւման եւ վարակակիրներու ինքնամեկուսացումներու շնորհիւ:
Վեցերորդ քոլերայի համաճարակը (1899-1923) չէ ազդած արեւմտեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի վրայ` հանրային առողջութեան եւ առողջապահական պայմաններու յառաջընթացին շնորհիւ: Սակայն հիւանդութիւնը մօտիկ անցեալին աւերած էր` Հնդկաստանը, Ռուսիան, Միջին Արեւելքը եւ Հիւսիսային Ափրիկէն: Մինչեւ 1923 թուական քոլերայի դէպքեր կային` ցրուած աշխարհի մեծ մասին մէջ, բացառութեամբ Հնդկաստանի, ուր պաքթերիան պատճառ դարձաւ աւելի քան կէս միլիոն մարդու մահուան, 1918-1919 թուականներուն:
Քոլերան այսօր
Ի տարբերութիւն նախորդ համաճարակներու, որոնք բոլորը ծագած են Հնդկաստանի մէջ, եօթներորդ եւ ներկայի քոլերայի համաճարակը սկսած է Ինտոնեզիոյ մէջ, 1961 թուականին: Ան տարածուած է Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ` հասնելով Ափրիկէ, 1971 թուականին: 1990 թուականին քոլերայի բոլոր դէպքերու աւելի քան 90 տոկոսը Ափրիկէի ցամաքամասէն էր:
1991 թուականին Փերուի քոլերան յայտնուեցաւ, 100 տարի բացակայելէ ետք` վերադառնալով Հարաւային Ամերիկա: Առաջին տարին Փերուի մէջ սպաննեց 3000 մարդ եւ այնուհետեւ տարածուեցաւ Էքուատորի, Քոլոմպիոյ, Պրազիլի եւ Չիլիի, այնուհետեւ Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
Թէեւ ներկայիս քոլերայի համաճարակը ազդած է մօտ 120 երկիրներու վրայ, սակայն հիմնականին մէջ աղքատ, քիչ զարգացած երկիրներու հիւանդութիւն է:
Վերջին տարիներուն եղած են շարք մը աւերիչ բռնկումներ, որոնց կարգին` 2008-2009 թուականներու Զիմպապուէի բռնկումը, որուն պատճառով տուժած է մօտ 97.000 մարդ (4.200 մարդ մահացած է) եւ Հայիթիի բռնկումը` 2010-2011 թուականներուն, որ յաջորդած է Հայիթիի երկրաշարժին եւ ազդած է աւելի քան 500.000 մարդու վրայ:
2017 թուականին Սոմալիի եւ Եմէնի մէջ քոլերայի բռնկումներ արձանագրուած են: Մինչեւ 2017 թուականի օգոստոս Եմէնի բռնկումէն տուժած է 500.000 եւ մահացած է 2.000 մարդ:
(1) Փորհարութեան մէկ շրջան (Diarrhea episode)- Փորհարութեան շրջանները երկու տեսակ են` սուր (acute) եւ երկարատեւ (chronic), կախուած անոնց տեւողութենէն: Այսպիսով, սուր փորհարութեան շրջանը կը սահմանուի որպէս շրջան մը, որ ունի սուր սկիզբ եւ կը տեւէ ոչ աւելի քան 14 օր: Երկարատեւ փորհարութիւնը կը սահմանուի որպէս շրջան մը, որ կը տեւէ աւելի քան 14 օր:
Աղբիւր` History.com
FDA Յայտնեց, Որ Տնային «Քորոնա»-ի Արագ Քննութիւնները
Այնքան Ալ Զգայուն Չեն «Օմիքրոն»-ի Նկատմամբ
Չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2021. Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ «Քորոնա»-ի կարգ մը արագ քննութիւններ (rapid test) կրնան աւելի նուազ ունակութեամբ յայտնաբերել Օմիքրոն տարբերակը, երեքշաբթի յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը:
Այդ եզրակացութեան գալու համար վարչութիւնը օգտագործած է Օմիքրոն տարբերակով վարակուած հիւանդներէ նմուշներ` տեսնելու համար, թէ որքանո՞վ լաւ կը գործեն արագ այս քննութիւնները:
Յայտարարութեան մէջ FDA յայտնած է, որ` «Անթիժենի քննութիւնները կրնան յայտնաբերել Օմիքրոն տարբերակը, բայց կրնան աւելի նուազ զգայուն ըլլալ անոր». այսինքն կարելի է, որ անոնք երբեմն չգտնեն վարակը, յատկապէս` հիւանդութեան սկիզբի փուլերուն:
Այդ մէկը լաւ նորութիւն չէ, որովհետեւ Օմիքրոն տարբերակը կը խթանէ դէպքերու աճող թիւերը ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ մարդիկ կը փորձեն գտնել տնային արագ քննութիւններ: Անթիժենի քննութիւնները կրնան կատարուիլ քանի մը վայրկեանուան ընթացքին` տան մէջ, մինչդեռ աւելի ճշգրիտ PCR-ի քննութիւնները կը մշակուին տարրալուծարաններու մէջ եւ ունին աւելի երկար շրջադարձային ժամանակ (turnaround time):
Այնուամենայնիւ, FDA չըսաւ, որ մարդիկ պէտք է դադրին անթիժենային քննութիւնները օգտագործելէ:
«FDA-ը կը շարունակէ թոյլատրել այդ քննութիւններու օգտագործումը, եւ անհատները պէտք է շարունակեն օգտագործել զանոնք` իրեղէնքի (kit) մէջ ներառուած հրահանգներուն համաձայն,- կ՛ըսուի վարչութեան յայտարարութեան մէջ: – Անթիժենային քննութիւնները ընդհանուր առմամբ աւելի քիչ զգայուն են, եւ աւելի քիչ հաւանական է, որ յայտնաբերեն վարակներն իրենց սկիզբի շրջանին` համեմատած PCR-ի քննութիւններուն հետ»:
«Իւրաքանչիւր նոր տարբերակի պարագային, մենք պէտք է վստահինք քննութիւններու արդիւնաւէտութեան, եւ կարծես թէ անոնք գործուն են այս պարագային, բայց անոնք վաղաժամ վարակները գտնելու հարց մը ունին: Բան մը, որ այդպէս չէր նախորդ տարբերակներու պարագային, – NBC News-ին ըսաւ Պալթիմորի Ճոն Հոփկինզի առողջութեան անվտանգութեան կենդրոնի աւագ հետազօտող Ճիճի Կրոնվըլ: – Այսպիսով, եթէ դուք որեւէ ախտանիշ կը զգաք, բայց ձեր քննութիւնը բացասական է, այդ մէկը բանտէն ազատութեան քարտ մը չէ: Ձեզի համար կարելի է անհրաժեշտ ըլլալ նոր քննութիւն մը եւ կանգ առնել դուք ձեզ բացասական արդիւնք ունեցող սեպելէ»:
FDA խրախուսած է երկրորդ քննութիւն մը բոլոր անոնց համար, որոնք բացասական արդիւնք ունեցած են, սակայն ունին ախտանիշներ:
«Եթէ անձը դրական արդիւնք ունեցած է անթիժենային քննութեամբ, ան պէտք է ինքնամեկուսացուի եւ դիմէ բուժաշխատողի` հետագայ քայլերը որոշելու համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը նոր ուղեցոյց մը հրապարակած է, որուն մէջ ըսուած է, թէ այն մարդիկ, որոնք COVID-ի դրական քննութիւն ունեցած են, բայց չունին ախտանիշներ, պէտք է մեկուսացուին հինգ օր: Վարչութիւնը կը յայտնէ, որ թարմացուած յանձնարարութիւնները կ՛արտացոլացնեն աճող ապացոյցներ, որուն մէջ կը պարզուի, որ ժահրը առաւել վարակիչ է ախտանիշներու ի յայտ գալէն յետոյ երկու կամ երեք օրուան ընթացքին:
Աղբիւր` Drugs.com



